Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցեղասպանութեան Մասին Յայտարարութեան Համար Հետաքննութիւն Սկսած Է Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատի Դէմ

Ցեղասպանութեան Մասին Յայտարարութեան Համար Հետաքննութիւն Սկսած Է Տիարպեքիրի Փաստաբաններու Պալատի Դէմ

by MassisPost

Թուրքիոյ  արդարադատութեան նախարարութիւնը թոյլատրած է Տիարպեքիրի փաստաբանական պալատի նախկին նախագահի եւ գործադիր խորհուրդի անդամներու դէմ հետաքննութիւն սկսիլ, կը գրէ «Ermenihaber»-ը:

Պատճառը 2018-ին Ապրիլ 24-ի առիթով պալատի հրապարակած յայտարարութիւնն է: Կազմակերպութեան նախկին նախագահ Ահմեթ Օզմենին եւ ղեկավար խորհուրդի 10 անդամի մեղադրանք առաջադրուած է քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածի յատկանիշներով՝ մասնաւորապէս «ժողովուրդին հրապարակայնօրէն ատելութեան եւ թշնամութեան հրահրելու, Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովը նսեմացնելու» կէտով:

Տիարպեքիրի իրաւաբանական ընկերակցութեան՝ 2018-ի Ապրիլ 24-ին «Կը կիսենք հայ ժողովուրդի չապաքինուող մեծ ցաւը» խորագրով յայտարարութեան մէջ նշուած էր.

«Ժամանակին պատասխանատուները, նախ հայ մտաւորականներուն եւ առաջնորդներուն ոչնչացնելով, իսկ յետոյ «Աքսորի մասին օրէնքի» անուան տակ զինուորական ստորաբաժանումներու եւ Հետախուզական կառոյցի՝ Teşkilatı Mahsusa (Յատուկ կազմակերպութիւն) միջոցով մէկ միլիոնէ աւել քաղաքացիի դէպի Սուրիոյ սահմաններ մահուան տանելով, դաժան քաղաքականութիւն վարած են:

Տառապանքն այնքան մեծ եղած է, որ ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան մասին համաձայնագրին մէջ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը ստեղծած են հայ ժողովուրդի նկատմամբ կատարուածէն ոգեշնչուած: Պոլսոյ, Տիարպեքիրի, Վանի եւ Անատոլիայի շարք մը քաղաքաներուն մէջ, ուր հայեր ապրած են, կոտորածի, աքսորի եւ տեղահանութեան առաջացուցած աւերածութիւնը եւ խոր ցաւը թարմ կը մնայ: Յարգանքով կ’ոգեկոչենք ցեղասպանութեան ընթացքին զոհուած քաղաքացիական անձերն ու անմեղ բոլոր հայերը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment