Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մնացականեան «Հայկական Կողմի Մէկ Միասնական Փաթեթին Մէջ Կան Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացի Եւ Միջավայրին Առնչուող Հարցեր»

Մնացականեան «Հայկական Կողմի Մէկ Միասնական Փաթեթին Մէջ Կան Խաղաղ Կարգաւորման Գործընթացի Եւ Միջավայրին Առնչուող Հարցեր»

by MassisPost

«Հայկական կողմն ունի մէկ միասնական փաթեթ, որում կան ինչպէս բուն կարգաւորմանը, այնպէս էլ խաղաղ կարգաւորման գործընթացի միջավայրին առնչուող հարցեր», – յայտարարած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ հանդիպման։

Դեկտեմբեր 4-ին՝ Պրաթիսլաւայի մէջ ԵԱՀԿ 26-րդ նախարարական խորհրդաժողովի շրջածիրէն ներս, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամեդտեարովի հանդիպումը:

Մնացականեանը աւելցուցած է՝ բուն կարգաւորման հարցի վերաբերեալ մեր գերակայութիւնները կ’առնչուին Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան եւ կարգավիճակին. «Ունեցանք որոշ համեստ արդիւնք անցեալ ամսուայ ընթացքում եւ այդ ուղղութեամբ աշխատել շարունակելն, ի հարկէ, մեզ համար կարեւոր ու հետաքրքրական է: Հաւասարաչափ կարեւորութիւն եմ տալիս, ընդգծում եմ այն նշանակութիւնը, որը տալիս ենք բոլոր այն միջոցառումներին, որոնք ուղղուած են էսկալացիայի ընդարձակման ռիսքերի նուազեցման», – ըսած է նախարարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment