Յատուկ քննչական ծառայութեան 11 ամիսներու գործունէութեան ընթացքին վերականգնուած գումարը կազմած է 4 միլիառ 331 միլիոն 935 հազար 405 ՀՀ դրամ: Միայն այս տարի վերականգնուած գումարը 7 անգամ աւելի է, քան նախորդ 11 տարիներու ընթացքին ծառայութեան կողմէ քննուած քրէական գործերով վերականգնուած գումարները, որ կազմած է 597 միլիոն 698 հազար 770 դրամ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, Նոյեմբեր 29-ին Յատուկ քննչական ծառայութեան աշխատակիցի օրուան նուիրուած միջոցառման ժամանակ այս մասին ըսած է ՅՔԾ պետ Սասուն Խաչատրեանը:
«Սա միայն կանխիկ գումարով պետութեան պիւտճէ վերադարձուած գումարի չափն է. Անկէ բազմակի անգամ աւելի չափով կալանք դրուած է մեղադրեալներուն իրաւաբանօրէն եւ փաստացի պատկանող շարժական եւ անշարժ գոյքերու, ինչպէս նաեւ յանցագործութեան առարկայ հանդիսացած հաշիւներու վրայ, որոնք կը տնօրինուին դատական աքթերով:
ՅՔԾ պետի խօսքով`այս տարուան 11 ամիսներու ընթացքին ծառայութեան քննիչներու վարոյթին մէջ քննուած է 656 քրէական գործ, որմէ 536-ի ընթացքը լուծուած է, այդ շարքին` 71 քրէական գործ 115 անձի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկուած է դատարան:
ՅՔԾ պետը նշած է, որ պետութեան սեփականութիւնը հանդիսացող հողամասերն ապօրինի իրացնելու դէպքերուն համապատասխան միջնորդութիւն ուղարկուած է ՀՀ գլխաւոր դատախազութիւն` պետութեան գոյքային շահերու պաշտպանութեան հայց յարուցելու համար:
«Այսպէս, «Հետք» ելեկտրոնային լրատուամիջոցի հրապարակման կապակցութեամբ յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքում հիմնաւորուեցին Ծաղկաձորում 106 հեքթար անտառային ֆոնտի տարածքների ապօրինի իրացման դէպքեր: Թէեւ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու վաղեմութեան ժամկէտներն անցած լինելու հիմքով մեղաւոր պաշտօնատար անձանց նկատմամբ քրէական հետապնդում չի իրականացուել, սակայն նախաձեռնուել է այդ տարածքների վերադարձը պետութեանը: Մէկ այլ քրէական գործով հիմնաւորուել է նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի մտերիմներին հողամասեր ապօրինի իրացնելու բազմաթիւ դէպքեր, որից միայն 7, 5 հեքթարը` Դիլիջան համայնքում, 168 հեքթարը` Արարատի մարզում: Նոյն ընթացակարգով նախաձեռնուել է նաեւ նշուած հողատարածքների վերադարձը համայնքներին: Ծառայութեան վարոյթում է գտնւում նաեւ «Յաղթանակ» զբօսայգու տարածքների ապօրինի իրացման վերաբերեալ քրէական գործը, որի նախաքննութիւնը դեռեւս շարունակւում է: Համոզուած եմ` եկող տարուայ ընթացքում այս գործով նոյնպէս կ’ունենանք շօշափելի յաջողութիւններ», ընդգծած է Խաչատրեանը: