Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հեռուստամարաթոնի Ընթացքին Հանգանակուած Է Շուրջ 10 Միլիոն Տոլար

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Հեռուստամարաթոնի Ընթացքին Հանգանակուած Է Շուրջ 10 Միլիոն Տոլար

by MassisPost

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը իրականացուց ազգային նուիրատուութեան 22-րդ հեռուստամարաթոնը` «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի․ կենարար ջուր եւ արեւ համայնքներին» խորագիրով, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ 9 միլիոն 856 հազար 100 տոլար:

2019-ի ընթացքին հաւաքուած գումարները պիտի յատկացուին խմելու ջուրի եւ արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրներու իրականացման համար Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երեք մարզերու` Տաւուշի, Լոռիի եւ Շիրակի մէջ: Ընդհանուր առմամբ հարիւրէ աւելի համայնքներ պիտի ունենան մշտական խմելու ջուր եւ ելեկտրականութիւն։

Այս տարուայ դրամահաւաքն առանձնացած է նոր մօտեցմամբ, որ մարաթոնի ընթացքին ներկայացուցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: «Մենք 27 տարի նոյն շրջանակէն ակնկալեր ենք գումար, սա խնդիր է եւ որոշակի վստահութեան խնդիր գոյութիւն ունեցած է։ Մենք պէտք է փոփոխութիւն ընենք․ խոշոր, բայց սահմանափակ թիւով մարդոց նուիրատուութենէն պէտք է անցում կատարենք փոքր, բայց մեծ թիւով մարդոց նուիրատուութեան տրամաբանութեան»,-նշած է ան։

Փաշինեանը մարաթոնին մարտահրաւէր նետեց աշխարհահռչակ հայերէն Սերժ Թանքեանին, Քիմ Քարտաշեանին եւ Ալեքսիս Օհանեանին․ «Եթէ 5 միլիոն հայ տարուայ ընթացքին նուիրէ հիմնադրամին 200 տոլար կամ ամիսը 20 տոլար կամ 20-էն քիչ մը շատ, տարուայ կտրուածքով կ’ունենանք 1 միլիառ 250 միլիոն տոլար։ Հիմնադրամի ամէն կոպէկի ծախսման արդիւնաւէտութիւնը պիտի ըլլայ կրկնակի, եռակի հսկողութեան տակ, մենք պիտի բացառենք որեւէ չարաշահում։ Ես այսօր մտած եմ հիմնադրամի էջ եւ կարգաւորումն այնպէս դրած են, որ ամէն ամիս 10 հազար դրամ նուիրաբերուի հիմնադրամին։ Ես մարտահրաւէր կը նետեմ 3 հայու՝ Սերժ Թանքեանին, Քիմ Քարտաշեանին եւ Ալեքսիս Օհանեանին։ Շատ կարեւոր է, որ այս գործընթացը ընէք հրապարակային եւ մարտահրաւէր նետէք եւս երեք հայու»։

Կոչին արդէն արձագանգած են Սերժ Թանքեանն ու Ալեքսիս Օհանեանը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեանը շեշտած է, որ առցանց նուիրատուութիւններով 10 միլիոնի շեմը կը յաղթահարուի։ Գումարը այնուամենայնիւ պակաս է, քան նախորդ տարի: 2018-ին հանգանակուած էր աւելի քան 11 միլիոն տոլար:

Այս տարի ամենախոշոր գումարը՝ մէկուկէս միլիոն տոլար փոխանցած է Սամուէլ Կարապետեանի «Տաշիր Կրուփը»: Երկրորդ տեղը զբաղցուցած է գործարար Սամուէլ Ալեքսանեանը՝ 200 հազար տոլար: Վարդանեան ընտանիքը («Կրանտ հոլտինկ») նուիրաբերած է 60 միլիոն դրամ:

Արդեօ՞ք սա վերաբերմունք է Հայաստանի նոր իշխանութեան նկատմամբ: Հայկակ Արշամեանը ընդգծած է, որ հիմնադրամը համահայկական է, քաղաքականութեան հետ կապ պէտք չէ ունենայ․ – «Որոշ մարդիկ կան, որոնք հիմնադրամը կը կապեն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի հետ, կամ այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի հետ, որ նաեւ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է: Այդ մտայնութիւնը պէտք է բոլորը իրենց մէջէն հանեն, որովհետեւ հիմնադրամը կը ծառայէ հայ ժողովուրդին, կը ծառայէ համայն հայութեան, կը ծառայէ Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման»:

Հիմնադրամի տնօրէնի խօսքով, օրինակ, 2017-ին 12 միլիոնի մասին յայտարարուած է, բայց ի վերջոյ հաւաքուած է ընդամէնը 6 միլիոն։ Նուիրատուները երբեմն խոստումը չեն կատարեր, երբեմն անոնց պիզնեսը տուժած կ’ըլլայ, պատճառները տարբեր են։ Այս անգամ իրենք շեշտը դրած են մեծ թիւով մարդոց մասնակցութեան վրայ, ոչ թէ գումարի չափի: Խոշոր գործարարներու յատուկ չեն դիմած․ – ««Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը համահայկական կառոյց է, եւ իրարմէ նեղուածութիւն պէտք չէ ըլլայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment