Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ 315 Հազար Մարդ Աղքատ Է

Հայաստանի Մէջ 315 Հազար Մարդ Աղքատ Է

by MassisPost

2018-ին աղքատութեան մակարդակը գնահատուած է 23,5%  եւ 2017-ի համեմատ նուազած է 2,2 տոկոսային կէտով, իսկ 2008-ի աղքատութեան մակարդակի համեմատ (27,6%)` նուազած է 4,1 տոկոսային կէտով: Այս մասին նշուած է ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած «Հայաստանի ընկերային պատկերը եւ աղքատութիւնը» զեկոյցին մէջ։

Վիճակագրութեան համաձայն, սա կը նշանակէ, որ երկրի բնակչութեան մօտ ամէն չորրորդը ամսական 42 621 ՀՀ դրամ վերին աղքատութեան գիծէն ցած գտնուած է:

Ըստ վիճակագրութեան՝ 23,5% աղքատներու ընդհանուր թուաքանակի մէջ 1%-ը ծայրայեղ աղքատ է, 9,6%-ը` չափաւոր աղքատ (առանց ծայրայեղ աղքատներու), իսկ մնացած 12,9%- ը՝ ուղղակի աղքատ է:
Աղքատ գնահատուած են անոնք, որոնց սպառումը մէկ չափահաս անձի հաշուով ցած եղած է աղքատութեան վերին գիծէն, չափաւոր (կամ շատ) աղքատ գնահատուած են անոնք, որոնց սպառումը մէկ չափահաս անձի հաշուով ցած եղած է աղքատութեան ստորին գիծէն, իսկ ծայրայեղ աղքատ կամ թերսնուած գնահատուած են անոնք, որոնց սպառումը մէկ չափահաս անձի հաշուով ցած եղած է աղքատութեան պարենային գիծէն:

Ըստ վիճակագրութեան՝ չափաւոր աղքատներու տեսակարար կշիռն ամբողջ բնակչութեան մէջ կազմած է 10,6%` 2008-ին արձանագրուած 12,6%-ի դիմաց: Ծայրայեղ աղքատութեան մակարդակը կազմած է 1,0%` 2008-ին արձանագրուած 1,6%-ի դիմաց:

2018-ին աղքատներու ընդհանուր թուաքանակը կազմած է մօտ 700 հազար մարդ (մշտական բնակչութեան ցուցանիշի հաշուով), անոնցմէ չափաւոր աղքատներու թուաքանակը (ներառեալ ծայրայեղ աղքատները)` 315 հազար, իսկ վերջիններէն ծայրայեղ աղքատներու թուաքանակը` 30 հազար մարդ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment