Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Խումբ Մը Բնապահպաններ Ու Քաղաքացիներ Դատական Հայց Ներկայացուցած Են Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի Դէմ

Խումբ Մը Բնապահպաններ Ու Քաղաքացիներ Դատական Հայց Ներկայացուցած Են Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի Դէմ

by MassisPost

Խումբ մը բնապահպաններ ու քաղաքացիներ դատական հայց ներկայացուցած են փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի դէմ։ Անոնք կը պահանջեն դատարանէն պարտաւորեցնել Աւինեանին հերքել Թիֆլիսի մէջ Հոկտեմբեր 22-ին հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ ըրած յայտարարութիւնը։ Մասնաւորապէս, Աւինեանն ըսած էր, թէ Ամուլսարի հանքի շահագործման դէմ արշաւը միանշանակ չէ, ու այն իրականացնողներու մէջ կան մարդիկ, որոնք կապուած են հանքարդիւնաբերական ոլորտի գործարարներու հետ։

«Կան անկեղծ եւ ազնիւ մարդիկ, ովքեր որ իրապէս հաւատում են, որ սա, այս ծրագիրը աղէտ է, բայց նաեւ կան մարդիկ, որոնք որ ուղղակիօրէն կապուած են գործող հանքարդիւնաբերական, որոշակի գործարարների, որոնք որ գործում են Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքում, եւ էդ մարդիկ բաւականին լուրջ նիւթական միջոցներ են ներդնում, համենայն դէպս նախկինում ներդնում էին, որպէսզի էս արշաւը կազմակերպուի», – յայտարարած էր Աւինեանը:

Այս յայտարարութիւնը վրդովեցուցած է Ամուլսարի ոսկիի հանքի շահագործման դէմ պայքարող խումբ մը բնապահպաններ եւ աքթիւ քաղաքացիներ: Անոնք կը համարեն, որ փոխվարչապետն արատաւորած է իրենց արժանապատւութիւնը, հակառակ այն հանգամանքին, որ Աւինեանն անուններ չէ նշած։ Զրպարտութիւն համարուող տուեալները հերքել պարտաւորեցնելու քաղաքացիական հայցը ներկայացուցած են 15 քաղաքացիներ, այդ շարքին՝ բնապահպաններ Լեւոն Գալստեանը, Աննա Շահնազարեանը, լրագրող Թեհմինէ Ենոքեանը։

«Այսօր հասարակութեան հիմնական ընկալումն այնպիսին է, որ էդ անձինք են, որոնք հիմնականում էսօր պայքարում են Ամուլսարի դէմ, էնպիսի տպաւորութիւն է, որ վերջինս ֆինանսաւորւում է որոշակի աղբիւրներից: Այսինքն՝ էդ անձինք դիմել են դատարան՝ նշելով, որ հերքուի էդ տեղեկատւութիւնը, որ իրենց կողմից որոշակի ֆինանսաւորում է ստացւում՝ համապատասխան գործառոյթներ իրականացնելու, որովհետեւ էդ մարդիկ հիմնականում հասարակական հիմունքներով են մասնակցում», – «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է փաստաբան Գուրգէն Թորոսեանը:

«Հայկական բնապահպանական ճակատ» կամաւորական նախաձեռնութեան անդամ Լեւոն Գալստեանը համոզուած է՝ պետական պաշտօնեան նման յայտարարութիւններ ընելու ժամանակ պէտք է զգուշութիւն ցուցաբերէ, քանի որ անոր հետեւանքով Հայաստանի քաղաքացիներ կը տուժեն։ Գալստեանի պնդմամբ՝ Ամուլսարի հանքը շահագործել պատրաստուող «Լիտիան Արմենիա» ընկերութիւնը ամէն առիթ կ’օգտագործէ՝ իրենց դէմ տեղեկատուական արշաւ իրականացնելու համար։

Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն դեռ չեն մեկնաբանած փոխվարչապետի դէմ ներկայացուած հայցը՝ պատճառաբանելով, որ դեռ այն չեն ստացած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment