Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երկրին Մէջ Տնտեսական Յեղափոխութիւնն Արդէն Տեղի Ունեցած Է․Տնտեսութեան Նախարար

Երկրին Մէջ Տնտեսական Յեղափոխութիւնն Արդէն Տեղի Ունեցած Է․Տնտեսութեան Նախարար

by MassisPost

Երկրին մէջ տնտեսական յեղափոխութիւնն արդէն տեղի ունեցած է։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։

«Ընդդիմադիրները, որոնք կը պնդեն, որ հնարաւոր չէ, իրենց կը թուի, որ այն բան մըն է, որ պէտք է տեղի ունենայ ապագային, եւ կ’անտեսեն այն կարեւոր փոփոխութիւնները, որոնք մեր իրականութեան մէկ մասն են»,-նշած է ան։

Նախարարի խօսքով՝ երկրին մէջ յեղափոխական փոփոխութիւններ արդէն իսկ եղած են․ «Արհեստական մենաշնորհներ չկան, եւ չեն կրնար ըլլալ, քորուփցիա չկայ եւ չի կրնար ըլլալ, հաւասար մրցակցային պայմաններու մէջ բոլորը ազատ են իրենց գաղափարներն իրագործելու։ Սա այն յեղափոխական փոփոխութիւնն է, որ մեր տնտեսական կեանքի մէկ մասն է»։

Հարցին՝ հնարաւո՞ր չէր 7,1 տոկոսէն աւելի տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշ ապահովել, նախարարը տարակուսած է․  «7,1 տոկոս տնտեսական աշխոյժութիւնը մենք կը կարծենք, որ լաւ է, համաձայն ենք, որ կրնայ եւ պէտք է ըլլայ աւելի լաւ։ Տարին մենք պիտի աւարտենք առնուազն 7 տոկոս տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշով, ընդ որում՝ աննկատ մնաց, բայց քանի մը օր առաջ Ազգային վիճակագրական կոմիտէն (ԱՎԿ) հրապարակեց նաեւ 9 ամսուայ Համախառն ներքին արդիւնքի (ՀՆԱ) աճի ցուցանիշները, որ 7,5 տոկոս էր»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment