Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Եկած Է Ռազմավարութիւններու Իրագործման Ճանապարհային Քարտէզներ Ունենալու Ժամանակը. Վարչապետ Փաշինեան

Եկած Է Ռազմավարութիւններու Իրագործման Ճանապարհային Քարտէզներ Ունենալու Ժամանակը. Վարչապետ Փաշինեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութենէն ներս տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարութեան նախագիծի շուրջ:

Մինչ քննարկման մեկնարկը վարչապետը հանդէս եկած է բացման խօսքով, որուն մէջ անդրադարձած է յեղափոխութենէն ետք 1,5 տարուան ընթացքին մեր երկրի զարգացման ուղղութեամբ տարբեր ոլորտներու մէջ գրանցուած արդիւնքներուն եւ շարք մը արձանագրումներ ըրած: Ըստ անոր, յառաջիկային պէտք է աւելի շատ ժամանակ տրամադրել ռազմավարութիւններու եւ ռազմավարական բնոյթի աշխատանքներու վրայ:

«Ինչո՞ւ հիմա: Ի հարկէ, մեր կառավարութեան ձեւաւորման հենց առաջին օրից մենք ռազմավարական պատկերացումների շուրջ շատ աշխոյժ աշխատանք ենք արել: Հիմա կարող ենք արձանագրել, որ աւարտել ենք անցումային կառավարման տրամաբանութեամբ մեր աշխատանքը, որովհետեւ գիտէք, որ 2018 թուականի յեղափոխական փոփոխութիւններից յետոյ այդ փուլն անխուսափելի էր, եւ մենք պէտք է որոշակի անցումային շրջան ունենայինք: Ինչո՞ւ ենք արձանագրում, որ այդ անցումային շրջանն այլեւս համարում եմ աւարտուած: Առաջինը կապուած է տնտեսութեան եւ մեր տնտեսութեան արդի իրավիճակի, մաքրոտնտեսական իրավիճակի հետ», – ըսած է վարչապետը:

Ան յիշեցուցած է, որ առաջին 9 ամսուան տուեալներով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գրանցուած է 7,5 տոկոս տնտեսական աճ, սա ոչ թէ տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշն է, այլ տնտեսական աճը, այսինքն՝ համախառն ներքին արդիւնքի աճը, «ինչը նշանակում է, որ մենք տնտեսական յեղափոխութեան այս փուլի մեր խնդիրը լուծել ենք», – նկատած է ան, ապա շարունակած. – «Ոչ միայն լուծել ենք տնտեսութեան կայունացման հարցը յեղափոխութիւնից յետոյ, այլեւ դրել ենք կայուն եւ բարձր տնտեսական աճ ապահովելու բոլոր հիմքերը:

Յաջորդ խնդիրը, որ կարեւոր է այս ծիրից ներս՝ վերջին 1,5 տարուայ ընթացքում մեզ յաջողուել է լուծել մեր արտաքին քաղաքականութեան ամենահրատապ խնդիրները: Այստեղ շատ կարեւոր եմ համարում արձանագրելը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, մեր կառավարութիւնը կարողացել է այդ թւում դիրքաւորուել, մեր ընթացիկ պատկերացումներին, մեր ռազմավարական շահերին եւ նպատակներին համապատասխան, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացում:

Յաջորդ կարեւոր արձանագրումը, որ պէտք է անեմ, հետեւեալն է. մեզ յաջողուել է, եւ դա այլեւս իրողութիւն է՝ ապահովել Հայաստանի Հանրապետութիւնում ժողովրդավարական կայունութիւնը եւ ապահովել ժողովրդավարական կայունութիւնը տեւականօրէն եւ արձանագրել, որ այդ կայունութիւնը հիմնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի վստահութեան քուէն ունեցող քաղաքական իրողութիւնների վրայ, այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդի պատկերացումներին համապատասխան քաղաքական իրողութիւններ արձանագրելու կարողութեան վրայ»:

Վարչապետը ընդգծած է, որ 1,5 տարուան գործընթացները՝ թէ՛ տնտեսութեան ոլորտի, թէ՛ արտաքին քաղաքական ոլորտի, թէ՛ Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման բանակցային գործընթացի, թէ՛ քաղաքական կեանքի եւ ժողովրդավարական արժէքներու եւ հիմնարկներու առումով, ցոյց տուած են մեր ռազմավարական պատկերացումներու մրցունակութիւնը կամ անոնց համապատասխանութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային եւ պետական շահերուն:

Անդրադառնալով ՀՀ յետագայ զարգացման ռազմավարութեան անհրաժեշտութեան հարցին՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է. «Մենք այս փուլում պէտք է արդէն ամփոփենք մեր ռազմավարական պատկերացումները, եւ մենք՝ որպէս կառավարութիւն, նաեւ հանրութեանը պիտի առաջարկենք այն տրամաբանութիւնը, թէ 5, 10, 20, 30 տարի յետոյ եւ եթէ հնարաւոր է, աւելի շատ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինչպիսի երկիր պէտք է լինի մեր պատկերացմամբ:

Հետեւաբար, մենք ունենք 2 խնդիր՝ ձեւակերպել մեր ռազմավարական պատկերացումները եւ միեւնոյն ժամանակ այդ ռազմավարութիւնների վերանայման եւ վերամշակման այնպիսի գործիքներ ներառել եւ ստեղծել, որոնք մեզ կ’օգնեն այդ ռազմավարական պատկերացումները զարկերակային կապի մէջ պահել իրականութեան հետ, որպէսզի ռազմավարական մեր մշակումները, մեր փաստաթղթերը չկորցնեն կապն իրականութեան հետ, չկորցնեն ապրելու, կենդանի մնալու, իրականութիւնից ազդուելու եւ իրականութեան վրայ ազդելու իրենց ընդունակութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment