Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Ղեկավարութեան Դիրքորոշումը Վտանգաւոր Է ՀԱՊԿ Երկիրներու Անվտանգութեան Համար.Վարչապետ Փաշինեան

Ատրպէյճանի Ղեկավարութեան Դիրքորոշումը Վտանգաւոր Է ՀԱՊԿ Երկիրներու Անվտանգութեան Համար.Վարչապետ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, թէ Հայաստանը մտադիր է այսուհետեւ շարունակել իր ներդրումն ունենալ ՀԱՊԿ-ի արդիւնաւէտութեան յետագայ բարձրացման եւ միջազգային հեղինակութեան ամրապնդման գործին:

Ղրղըզստանի մայրաքաղաքին մէջ կայացած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գագաթնաժողովը: Հայաստանի վարչապետը ժամանած էր Պիշքեկ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս:

Գագաթնաժողովին ունեցած իր ելոյթի ժամանակ Հայաստանի ղեկավարը նաեւ անդրադարձած է ղարաբաղեան խնդրին եւ համոզմունք յայտնած, որ ռազմատենչ նկրտումները բացարձակապէս անհեռանկարային են եւ խաղաղ բանակցութիւններու եւ խնդրի խաղաղ լուծմանն այլընտրանք չկայ: Բացի այս, Փաշինեանը նկատած է, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան դիրքորոշումը վտանգաւոր է ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլ նաեւ ՀԱՊԿ երկիրներու անվտանգութեան համար:

«Կը կարծեմ՝ նոր թեժացումները աղէտալի հետեւանքներ կը ձգէ ոչ միայն Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ, այլ անկէ դուրս: Ատրպէյճանը, գտնուելով պատերազմական իրավիճակի մէջ, կրնայ դառնալ յարմար ցատկահարթակ իսլամական ծայրայեղականներու համար, որոնք կորսնցնելով ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ, կը փնտռեն նոր տարածքներ իրենց գործունէութեան համար: Ընդ որում՝ Ատրպէյճանն աշխարհագրական առումով շատ յարմար հարթակ է, որուն միջոցով ծայրայեղականները կրնան ծաւալել իրենց գործունէութիւնը բոլոր ուղղութիւններով», -ըսած է Հայաստանի վարչապետը:

Միեւնոյն ժամանակ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ ՀԱՊԿ-ն ունի անհրաժեշտ միջոցներ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ նոր թեժացումը կանխելու համար: Անոր խօսքով՝ հնարաւոր վիճակի խորացումը կանխելու համար ՀԱՊԿ երկիրները, ելլելով անվտանգութեան պահպանման շահերէն, պէտք է անպատասխան ձգեն Ատրպէյճանի կողմէ նոր զէնք ձեռք բերելու դիմումները:

ՀԱՊԿ հաւաքին Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը նաեւ յայտարարած է․ «Ուրախ եմ նշելու, որ մենք կրնանք համաձայնութեան գալ նոր գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցի շուրջ: Վստահ եմ, որ Սթանիսլաւ Զասի փորձը կարեւոր պիտի ըլլայ այս պատասխանատու պաշտօնին»:

Նշենք, որ ՀԱՊԿ-ի  նիստին նախագահութիւնը կազմակերպութեան մէջ ստանձնած է Ռուսաստանը: Փութինը յայտարարած է, թե ՀԱՊԿ-ը պէտք է զարգացնէ խաղաղապահ առաքելութիւնը: Մինչ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու ղեկավարները կը մասնակցէին նեղ շրջանակով նիստին, Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ քարտուղարը «Սփութնիք» գործակալութեան հարցերուն պատասխանելով, անդրադարձած էր հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն՝ ըսելով, թէ անոնք հիանալի կը զարգանան:

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Փութինի շփումը կառուցողական է», – ըսած է Տմիթրի Փեսքովը, աւելցնելով, թէ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած անուանափոխութիւնէն ետք բաւական ժամանակ անցած է եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ դադարը լրացուած է:

Փութին-Քոչարեան յարաբերութիւններու մասին հարցին, Փեսքովը մանրամասն պատասխան չէ տուած, միայն ըսած է․ «Ձեզի մէկ բան կրնամ ըսել՝ վերջին այցի ժամանակ Փութինը հանդիպած էր Քոչարեանի տիկնոջ Պելլա Քոչարեանին, անոնք կապը կը պահպանեն: Փութինն ու Քոչարեանը ընկերական յարաբերութիւններ ունին»:

Հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն անդրադարձած էր նաեւ Փութինի օգնական Եուրի Ուշաքովը՝ նկատելով, թէ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ բոլոր խնդիրները կը լուծուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment