Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ « Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումն Այս Հարցի Շուրջ Չէ Փոխուած». ԱՄՆ Դեսպանութիւնը ՝ Ծերակուտական Լինտսի Կրահամի Յայտարարութեան Մասին

« Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումն Այս Հարցի Շուրջ Չէ Փոխուած». ԱՄՆ Դեսպանութիւնը ՝ Ծերակուտական Լինտսի Կրահամի Յայտարարութեան Մասին

by MassisPost

ԱՄՆ դեսպանութիւնը NEWS.am-ի խնդրանքով մեկնաբանած է ամերիկեան մամուլի մէջ տեղ գտած հրապարակումները, ըստ որոնց ծերակուտական Լինտսի Կրահամն արգելափակած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին Ծերակոյտի բանաձեւը Սպիտակ տան խնդրանքով:

NEWS.am-ի հարցմանն ի պատասխան դեսպանութենէն յայտնած են, որ իրենք ծանօթ են հրապարակումներուն:  «ԱՄՆ դեսպանութիւնը տեսած է ձեր յիշատակած հրապարակումը։ Խնդրոյ առարկայ բանաձեւը ընթացքի մէջ գտնուող օրէնսդրական գործընթացի մաս է,  եւ այս պահուն մենք ձեռնպահ կը մնանք մեկնաբանելէ:

Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումն այս հարցի շուրջ չէ փոխուած․ մենք կը սգանք Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներու տեղահանութիւններուն ու կոտորածներուն զոհ գացած 1,5 միլիոն հայերու համար եւ ամէն տարի յիշատակի տուրք կը մատուցենք, որպէսզի պատմութեան այս մութ գլուխը երբեք մոռացութեան չմատնուի»,-ըսուած է դեսպանութեան յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ ըստ Axios պարբերականի, երբ ծերակուտականը դուրս եկած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանի հետ հանդիպումէն ետք, Սպիտակ տան աշխատակիցը անորմէ խնդրած է Ծերակոյտ վերադառնալ եւ արգելափակել բանաձեւը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment