Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ոչինչ Չէ Փոխուած` Ոմանց Ուղեղներուն Մէջ

Ոչինչ Չէ Փոխուած` Ոմանց Ուղեղներուն Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան խզելով իր լռութիւնը, անցեալ շաբաթ ելոյթ ունեցաւ Եւրոպական Ժողովրդական Կուսակցութեան ամպիոնէն` քննադատելով երկրի Գործող Իշխանութիւնները:

«Իմ երկրում իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցաւ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով. Իմ նպատակը մէկն էր` թոյլ չտալ, որ մարդկային զոհեր լինէին եւ պետութիւնը զերծ պահել վտանգաւոր ցնցումներէ. Յեղափոխութեան անուան տակ իշխանութեան եկածներն իրականութեան մէջ անցած մէկուկէս տարուայ ընթացքում որեւէ յեղափոխական փոփոխութիւն կամ երկրի արտաքին ու ներքին օրակարգերի յեղափոխական բեկում չեն մտցրել, աւելին` երկրում ժողովրդավարութեանը սպառնացող վտանգաւոր զարգացումներ են տեղի ունենում, խաթարուել են սահմանադրականութեան հիմքերը, չի գործում իշխանութիւնների տարանջատման եւ հաւասարակշռութեան սկզբունքը: Բազմաթիւ փաստերով ակնյայտ խախտուած է դատական իշխանութեան անկախութիւնը, իրականացւում են քաղաքական հետապնդումներ», – յայտարարած է Սերժ Սարգսեան:

Հաւատալու համար Սերժ Սարգսեանի խօսքերուն, մարդ պէտք էր անցնող քսան տարիներուն գտնուած ըլլար քոմայի մէջ` ամբողջութեամբ կորսնցուցած ինքնագիտակցութիւնը: Կ’ուզենք յիշեցնել նախագահին, որ ինք չէ որ կամաւոր յանձնեց իշխանութիւնը, այլ ժողովուրդը խլեց զայն` երկարաշունչ պայքարէ ետք: Ինչ կը վերաբերի խաղաղ իշխանափոխութեան հարցին, այդ պարագային եւս որոշումը իրմէ կախեալ չէր այլեւս, երբ ամբողջ Հայաստանի ժողովուրդ՝ հիւսիսէն հարաւ, արեւելքէն արեւմուտք ընբոստութեան դրօշ պարզած էր եւ բռնի ուժի տարբերակը դադրած էր գործելէ ու դատապարտուած ձախողութեան եւ որեւէ նման փորձի պարագային, Սերժ Սարգսեան այսօր պիտի գտնուէր իր նախորդի կողքին՝ բանտախուցի մէջ:

Ինչ կը վերաբերի «ժողովրդավարութեան», «Սահմանադրական կարգի», «դատական իշխանութեան», «քաղաքական հետապնդումներու» մասին արտայայտուած մտահոգութիւններուն, այդ տեսակէտը չեն բաժներ միջազգային իրաւապաշտպան կառոյցները, որոնք իրենց զեկոյցներով կու գան հակառակը փաստելու: Ամէնէն կարեւոր, այդ տեսակէտները չեն բաժներ Հայաստանի եւ սփիւռքի ժողովուրդի ջախջախիչ մեծամասնութիւնը:

Նոր իշխանութիւնները զերծ չեն թերութիւններէ եւ յաճախ կը գործեն սխալներ: Սակայն ինչ որ այսօր կը կատարուի Հայաստանի մէջ՝ ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացման, կոռուպցիայի դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան ու ազատութիւններու ամրապնդման եւ այլ բնագաւառներէ ներս արժանի են գնահատանքի եւ քաջալերանքի:

Աւելի լաւ պիտի ըլլար, որ Սարգսեան օգտագործելով առիթը, անդրադառնար իր օրօք գործուած սխալներուն եւ տեղի ունեցած անարդարութիւններուն, հայցելով ժողովուրդի ներողամտութիւնը ու խոստանալով նոր էջ բանալ իր քաղաքական կեանքին մէջ:

Նախկին համակարգի ներկայացուցիչները իրենց պատկանող լրատուամիջոցներու լայն ցանցին միջոցաւ կը փորձեն համոզել հասարակութիւնը, որ թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ոչինչ չէ փոխուած: Նոյն միտքը կը կրկնէ նաեւ Սերժ Սարգսեան: Լսելով անոր խօսքերը մենք եւս կու գանք այն համոզումին, որ իսկապէս ոչինչ չէ փոխուած, ո՜չ թէ Հայաստանի մէջ` այլ նախկին մերժուած իշխանութիւններու ուղեղներուն մէջ:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment