Միլանի Հայ Առաքելական Սուրբ Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման ընթացքին մուտք գործած եւ ատրպէյճանցի վիտէոպլոկըր ներկայացած Աթա Ապտուլաեւը կապուած է Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու հետ, Ոստիկանութեան կից հանրային խորհուրդի անդամ է եւ ժամանակին անցած է քրէական գործով:
Այս տեղեկութիւնները դեռ 2011 թուականին հրապարակուած է «Ազատութիւն» ռատիոկայանի ատրպէյճանական ծառայութիւնը: Այն ժամանակ Ապտուլաեւը լրագրողներու տեսադաշտին մէջ յայտնուած էր ընդդիմութեան ցոյցերը ցրելու ժամանակ իրաւապահներուն օգնելու իր գործողութիւններով:
Ապտուլաեւը կը վարէ ֆէյսպուքեան ATA TV էջը, ուր եւ հրապարակած է գայթակղային իրադարձութեան տեսագրութիւնները: Համացանցին մէջ տարածուած են նաեւ անոր լուսանկարները Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի, Ալիեւի դստեր, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետ: Նաեւ ջերմ լուսանկարներ ունի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ խօսնակ Տմիթրի Փեսքովի, Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ շարք մը այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ:
Միլանի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման Աթա Ապտուլաեւը արտահերթ հարցի հնարաւորութիւն պահանջած է, եւ, վարչապետ Փաշինեանի թոյլտւութեամբ, հնչեցուցած է այս հարցը․ – «Ամբողջ աշխարհը ճանչցած է ատրպէյճանցիներու ցեղասպանութիւնը Հայաստանի կողմէ, ե՞րբ սա պիտի աւարտի: Պէտք է աւարտել այս պատերազմը: Ազատէք մեր հողերը, կը խնդրեմ»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ի պատասխան պլոկըրի անհանգստութեան, երաշխաւորած է անոր անվտանգութիւնը, ինչէն ետք արձանագրած է․ – «Անհնար է պատկերացնել, որ հայը հնարաւորութիւն ունենար մուտք գործել ատրպէյճանական կողմի նմանատիպ որեւէ միջոցառման եւ հարց տալ Ատրպէյճանի նախագահին»:
«Այսինքն, այստեղ վարչապետը իր անվտանգութեան աշխատակիցների թերացում չի՞ տեսնում»․ այս հարցին Հայաստանի ղեկավարի խօսնակն արձագանգած է․ – «Չէ, ես էդ բացարձակ չեմ տեսնում: Ինքը մնացած մասնակիցների նման պատշաճ կերպ էր, կարծում եմ, իրեն պահում, նաեւ՝ պատկառելի հեռաւորութեան վրայ։ Այդ առումով ես որեւէ խնդիր, ամենայն դէպս, չեմ տեսնում»:
Շուրջ 10 վայրկեան տեւած հարցուպատասխանի ընթացքին Փաշինեանը սովորական սուտ որակեց Ապտուլաեւի պնդումը, թէ ամբողջ աշխարհն ընդունած է Ատրպէյճանի նկատմամբ ցեղասպանութիւնը, քանի որ նոյնիսկ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Այազ Մութալիպովը ռուսաստանեան «Նեզաւիսիմաեա կազեթա»-ին հարցազրոյց տուած է եւ ըսած, որ Խոճալուի իրադարձութիւնները կազմակերպած է ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը, որպէսզի իշխանափոխութիւն իրականացնէ Ատրպէյճանի մէջ:
Փաշինեանի պատասխանը համայնքի ներկայացուցիչները ընդունած են ոգեւորութեամբ եւ դժգոհութեամբ արձագանգած են ատրպէյճանցի վիտէոպլոկըրի ելոյթը շարունակելու փորձերուն։
Վերջինս հեռանալէ առաջ բարձրաձայնած է իր անվտանգութեան հարցը: Նիկոլ Փաշինեանը կարգադրած է իր թիկնազօրին ապահովել ատրպէյճանցիի անվտանգ հեռացումը: