Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Համաշխարհային Դրամատունը 50 Միլիոն Տոլար Վարկ Յատկացուցած Է Հայաստանի Կառավարութեան

Համաշխարհային Դրամատունը 50 Միլիոն Տոլար Վարկ Յատկացուցած Է Հայաստանի Կառավարութեան

by MassisPost

Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր առաջին անգամ Համաշխարհային դրամատունը նոր, խոշոր՝ 50 միլիոն տոլարի վարկ հաստատած է Հայաստանի կառավարութեան համար, եւ դրամատան երեւանեան գրասենեակի ղեկավարի բնութագրմամբ՝ այն Փաշինեանի կառավարութեան անցած մէկուկէս տարուան աշխատանքի գնահատականն է:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Համաշխարհային դրամատան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Սիլվի Պոսութղոն առանձնացուցած է Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան յաջողութիւնները քորուփցիայի դէմ պայքարի, հարկային ոլորտի բարեփոխումներու, հարկահաւաքութեան գործին մէջ․ – «Այո, կրնանք ըսել, [որ այս վարկը Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան անցած մէկուկէս տարուան աշխատանքի՝ Համաշխարհային դրամատան գնահատականն է]: Պիւտճէթային աջակցութեան ծրագիրները շատ լրջօրէն կը մշակուին: Կը դիտարկենք այն ոլորտները, ուր, մեր կարծիքով, շատ կարեւոր է բարեփոխումներ իրականացնել: Կառավարութեան հետ կը համաձայնեցնենք առաջնահերթ քայլերը, որոնք տուեալ ժամանակահատուածին կառավարութիւնը պէտք է կեանքի կոչէ, եւ միայն բարեյաջող աշխատանքէն ետք է, որ մենք կը տրամադրենք գումարը: Մօտ մէկ տարի քննարկումներու մէջ էինք այդ ոլորտներուն մէջ կառավարութեան քայլերու շուրջ: Այո՛, սա կարելի է որպէս պարգեւ դիտարկել այն յաջողութիւններուն համար, որուն հասած է Հայաստանի կառավարութիւնը եւ որոնք շատ ոլորտներու մէջ շօշափելի են»:

Համաշխարհային դրամատան հաղորդագրութեան համաձայն, վարկային ծրագրի նպատակն է աջակցիլ կառավարութեան՝ տնտեսական, հարկապիւտճէթային ու հանրային հատուածի կառավարման: Այսինքն, բարելաւել մրցակցութեան, առեւտուրին միտուած եւ որակի պարզեցուած կարգաւորումներն ու ընթացակարգերը, կատարելագործել եկամուտներու ներգրաւման ու հանրային ներդրումներու արդիւնաւէտութիւնը, եւ վերջապէս, հզօրացնել հակաքորուփցիոն նախաձեռնութիւնները:

Համաշխարհային դրամատան տեղեկանքի համաձայն, 1992 թուականէն ի վեր, երբ Հայաստանը անդամակցած է դրամատան ու անոր մաս կազմած, Միջազգային զարգացման ընկերակցութեան կողմէ Երեւանին տրամադրուած է 2 միլիառ 429 միլիոն 734 հազար տոլար վարկ՝ ներառեալ այս 50 միլիոնը:

Հայաստանի Տնտեսութեան նախարարութեան համաձայն, այս տարուան Հոկտեմբերի վերջի դրութեամբ երկրի պետական պարտքը կազմած է 7 միլիառ 117 միլիոն տոլար, որմէ կառավարութեան արտաքին պարտքն է 5 միլիառ 59 միլիոնը, Կեդրոնական դրամատան արտաքին պարտքը 514,5 միլիոն է, մնացածը ներքին պարտքն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment