Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը Կրկին Արգելափակուեցաւ ԱՄՆ Ծերակոյտէն Ներս

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւը Կրկին Արգելափակուեցաւ ԱՄՆ Ծերակոյտէն Ներս

by MassisPost

Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող թիւ 150 բանաձեւը կրկին արգելափակուած է ամերիկեան Ծերակոյտէն ներս: Այս անգամ բանաձեւի քննարկման դէմ արտայայտուած է հանրապետական ծերակուտական Տեյվիտ Փերտուն՝ վկայակոչելով «Թուրքիոյ հետ շարունակուող դիւանագիտական յարաբերութիւնները»: Ընդ որում, արգելափակելով փաստաթուղթը, ծերակուտականը որեւէ խօսք չէ ըսած անոր բովանդակութեան մասին, հակափաստարկներ չէ ներկայացուցած, ընդամէնը պնդած է՝ այն այս պահին ընդունիլը նպատակայարմար չէ:

«Երէկ պետական քարտուղար Փոմփէօն  հանդիպած է ՆԱԹՕ-ի գործընկերներուն, այդ շարքին՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլուին, որու հետ շատ թեմաներ ունէր քննարկելու: Գործող վարչակազմը կը շարունակէ աշխոյժ համագործակցութիւնը Թուրքիոյ հետ ամենաբարձր մակարդակով: Անցած շաբաթ էր, որ նախագահ Թրամփը հանդիպեցաւ նախագահ Էրտողանին», – յայտարարած է Փերտուն՝ շարունակելով․ – «Հաշուի առնելով այս դիւանագիտական ջանքերը՝ ես կ’արգելափակեմ այս բանաձեւը ա՛յս պահին. Եթէ այն հիմա ընդունուի, կը սասանէ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու՝ մեր վարչակազմի ջանքերը»:

Փաստաթուղթն այս անգամ եւս շրջանառութեան մէջ դրած էր Նիւ Ճըրզիէն ընտրուած Ռոպերթ Մենենտըսը՝ կոչ ընելով արագացուած կարգով անցնիլ քուէարկութեան: Ազդեցիկ ծերակուտականը գործընկերներուն յիշեցուցած է՝ անցած ամիս Քոնկրէսի ստորին պալատը՝ Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու գերակշռող մեծամասնութեամբ՝ 405 կողմ, 11 դէմ յարաբերակցութեամբ արդէն իսկ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:

Դեմոկրատ Մենենտըսին պաշտպանած է նաեւ հակադիր ճամբարը ներկայացնող ծերակուտական Թետ Քրուզը, որ, ի դէպ, անցեալ շաբաթ ներկայ եղած էր նախագահներ Էրտողանի եւ Թրամփի ուաշինկթընեան հանդիպման:

«Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի դաշնակից է եւ կարեւոր դաշնակից, բայց ընկերները եւ դաշնակիցները կրնան իրար ըսել ճշմարտութիւնը: Եւ մենք չենք յարգեր Ամերիկան ու մեր դաւանած արժէքները, եթէ կը վախնանք ըսել ճշմարտութիւնը եւ միտումնաւոր կը մասնակցինք անոր քողարկման», -ընդգծած է Քրուզը:

Ի տարբերութիւն Ներկայացուցիչներու տան, ուր ցանկացած փաստաթուղթ քուէարկութեան կը դրուի նախագահողի կողմէ, վերին պալատին մէջ 100 ծերակոյտներէն իւրաքանչիւրը կրնայ կասեցնել հարցը քուէարկութեան դնելու նախաձեռնութիւնը: Անցեալ  շաբաթ Մենենտըսի նախաձեռնութիւնն արգելափակած էր մէկ այլ հանրապետական ծերակուտական՝ Լինտսի Կրահամը, կրկին վկայակոչելով Թուրքիոյ հետ ռազմավարական կապերը:

«Սա նորութիւն չէ ինծի համար», – արձագանգած է Մենենտըսը, ընդգծելով՝ ինչ ալ ըլլայ, պիտի շարունակէ պայքարը:

Սա Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը Ծերակոյտէն ներս արգելափակելու արդէն երկրորդ փորձն էր վերջին մէկ շաբթուան մէջ:

«Ես այս հարցով վաղուց կը զբաղուիմ եւ պիտի չընկրկիմ», – յայտարարած է Ռոպերթ Մենենտըսը, – «Ես նոր չեմ առնչուիր այս հարցին, ես հետամուտ եմ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մօտ մէկ տասնամեակ, եւ միշտ ի յայտ կու գան որոշ պատճառներ, որոնք կը պնդեն, թէ տուեալ պահուն ցեղասպանութեան ճանաչումը նպատակայարմար չէ: Կը կարծեմ՝ ծագումով հայ ամերիկացիները եւ աշխարհը պէտք է իմանան՝ ով է այս հարցին կողմ, եւ ով՝ ոչ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment