Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆ Cumhuriyet. « Թուրքիոյ ԱԳՆ-Ն Կիսով Չափ Կրճատած Է Ցեղասպանութեան Թեզերու Դէմ Պայքարի Պիւտճէն»

Cumhuriyet. « Թուրքիոյ ԱԳՆ-Ն Կիսով Չափ Կրճատած Է Ցեղասպանութեան Թեզերու Դէմ Պայքարի Պիւտճէն»

by MassisPost

Թուրքիոյ խորհրդարանի ծրագրաւորման եւ պիւտճէի յանձնաժողովը  հաստատած է 2020 թուականի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կից «Հետազօտութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր վարչութեան»  յատկացուելիք պիւտճէն:

2020 թուականին այն պիտի կազմէ 5.9 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 1 միլիոն 30 հազար ԱՄՆ տոլար): 2019 թուականին կառոյցին յատկացուած էր 11.2 միլիոն թրքական լիրա (մօտ 2 միլիոն ԱՄՆ տոլար):

Թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» պարբերականի գնահատմամբ՝ այս որոշմամբ «կը նուազեցուի ցեղասպանութեան թէզերու դէմ պայքարի համար յատկացուող պիւտճէն» (նկատի ունի, որ վերոնշեալ վարչութիւնը կը պայքարի միջազգային ասպարէզի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման դէմ-խմբ.), այն պարագային, երբ տարբեր խորհրդարաններ կը շարունակեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումներ եւ բանաձեւեր ընդունիլ:

Նշուած է, որ ԱԳՆ-ի Հետազօտութիւններու եւ անվտանգութեան հարցերով գլխաւոր վարչութիւնը աշխատանքներ կ’իրականացնէ նաեւ միջազգային հանրութեան FETÖ-ի (Կիւլէնական համայնք) մասին իրազեկելու ուղղութեամբ:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment