Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Սիւնիքի Նախկին Մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Սիւնիքի Նախկին Մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանին Մեղադրանք Առաջադրուած Է

by MassisPost

ՀՀ Յատուկ Քննչական Ծառայութեան (ՅՔԾ) մօտ քննուող քրէական գործով ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեան հիման վրայ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանը ներգրաւուած է որպէս մեղադրեալ, այն յանցաւոր արարքներու կատարման համար, որ ան դուրս եկած է իր լիազօրութիւններու շրջանակէն, ինչպէս նաեւ, պաշտօնէական դիրքն օգտագործելով  եւ անձանց ապօրինի կարգադրութիւն տալով, դրդած է կատարելու առանձնապէս խոշոր չափերու վատնում ու պաշտօնէական կեղծիք, ինչի հետեւանքով էական վնաս պատճառած է պետութեան օրինական շահերուն:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՅՔԾ-էն, մասնաւորապէս, պարզուած է, որ Սուրիկ Խաչատրեանը, 2011-2012 թուականներու ընթացքին զբաղցնելով Սիւնիքի մարզպետի պաշտօնը, մարզպետարանի պաշտօնատար անձի միջոցով Սիւնիքի մարզի Նորաւան համայնքի ղեկավար Լաւրենթիք Առաքելեանին տուած է ապօրինի կարգադրութիւն՝ Սիւնիքի մարզի Նորաւան համայնքին պատկանող մետաղական խողովակներն առանց որեւէ օրինական հիմքի իր եղբօրը յանձնելու վերաբերեալ:

Լաւրենթիք Առաքելեանը, օրէնքի պահանջներու խախտմամբ, առանց խողովակներն օտարելու մասին համայնքի աւագանիին առաջարկութիւն ներկայացնելու, ապա` այն համայնքի աւագանիի որոշմամբ եւ սահմանած պայմաններով օտարելու կամ օգտագործման տրամադրելու փոխարէն, Սուրիկ Խաչատրեանի դրդմամբ, Նորաւան համայնքի սեփականութիւն հանդիսացող առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 5.132.891 ՀՀ դրամ արժողութեամբ մետաղական խողովակները տրամադրած է Սուրիկ Խաչատրեանի եղբօր:

Բացի այդ, 2016թ. օգոստոս-սեպտեմբեր ամիսներուն Սուրիկ Խաչատրեանը Ակներ համայնքի ղեկավարին տուած է ապօրինի կարգադրութիւն՝ Ակներ համայնքի մէջ գտնուող հողամասը ճանապարհին միացնող 0.43 հեքթար մակերեսով հողատարածքի հատուածը կեղծ աճուրդի միջոցով իր կողմէ նշուած անձին` Աշոտ Գէորգեանին օտարելու վերաբերեալ:  Այդ նպատակով Ակներ համայնքի աշխատակազմի ղեկավարը համայնքի ղեկավարի  ցուցումով ակնյայտ կեղծ տեղեկութիւններ մտցնելով` կազմած է նշուած հողատարածքի աճուրդի անցկացման և արդիւնքներու մասին կեղծ արձանագրութիւններ, որոնց համաձայն՝ իբր 2016թ. սեպտեմբեր 16-ին կայացած աճուրդով նշուած 0.43 հեքթար մակերեսով հողամասը 70.000 ՀՀ դրամով վաճառուած է Աշոտ Գէորգեանին:

19.11.2019թ.-ին Սուրիկ Խաչատրեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում: Նոյն օրը Ս. Խաչատրեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը:

Քրէական գործով մեղադրանք առաջադրուած է նաեւ Լաւրենթիք Առաքելեանին` ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 179-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 1-ին կէտով եւ Աշոտ Գէորգեանին` ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 38-314-րդ յօդուածի 1-ին մասով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment