Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Այցելած Է Վենետիկի Սուրբ Ղազար Կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Այցելած Է Վենետիկի Սուրբ Ղազար Կղզիի Մխիթարեան Միաբանութեան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնական այցով ժամանած է Իտալիոյ Հանրապետութիւն: Այս մասին կը յայտնեն վարչապետի աշխատակազմէն։

Այցը մեկնարկած է Իտալիոյ Վենետիկ քաղաքէն. Նիկոլ Փաշինեանն այցելած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի, ու տեղակայուած է Մխիթարեան միաբանութիւնը՝ շուրջ երեքդարեայ պատմութիւն ունեցող հայկական կրօնական ու մշակութային կազմակերպութիւնը։

Վարչապետը շրջայց կատարած է Մխիթարեան միաբանութեան տարածքին, Միաբանութեան Մայրավանքին մէջ տէրունական աղօթքէն ետք մոմավառութիւն կատարած է, ապա այցելած է միաբանութեան գրադարան, ծանօթացած է այնտեղ ներկայացուած ձեռագրերուն եւ գրառում կատարած «Ոսկէ գիրք»ին մէջ։

pashinyan-st lazarus-2

Այնուհետեւ վարչապետը հանդիպում ունեցած է Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ, Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Գերապայծառ Տէր Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանի հետ։

Ողջունելով վարչապետը՝ Լեւոն արքեպիսկոպոս Զէքիեանը նշած է. – «Այս վերջին շրջանին մենք ունեցանք դժուարութիւններ, բայց վստահ ենք, որ Աստուծոյ օգնութեամբ եւ ողջ հայ ժողովուրդի, հայ պետականութեան թիկունքով եւ նեցուկով պիտի կարողանանք բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարել»։

Շնորհակալութիւն յայտնելով խօսքերու համար՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշած է. – «Ցաւում եմ, որ այստեղ լինելու առիթը կապուած է ջրհեղեղի հետ։ Բայց, միւս կողմից, իսկապէս ուրախ եմ, որ անդառնալի, անվերականգնելի վնաս չի պատճառուել, եւ, ինչպէս առիթ ունեցայ գրելու մատեանում, Մխիթարեան միաբանութիւնը մեր իրականութիւնում իսկապէս շատ մեծ դերակատարում ունի։

pashinyan-st lazarus-3

Այն ժամանակներում, երբ մեր ինքնութիւնը հայրենիքում վտանգուած էր եւ նոյնիսկ գտնւում էր ոչնչացման եզրին, Մխիթարեան միաբանութիւնը դարձաւ այն տեղը, որտեղ մեր պատմութիւնը, մեր լեզուն, մեր գիտութիւնը, մեր արուեստն ուսումնասիրուեց, ըստ էութեան, մեր արմատների հետ մեր հաղորդակցութեան մի կարեւորագոյն գիտական առաջին հերթին օճախ դարձաւ, եւ նրա դերն, իրօք, անգնահատելի է։ Ես շատ յուզուած եմ այստեղ լինելու առիթով եւ համոզուած եմ, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը՝ գիտութեան, հայագիտութեան, մեր պատմութեան, մշակոյթի այս կոթողը, դեռ շատ երկար իր խորհրդանշական եւ գուցէ, ուզում եմ նաեւ հաւատալ եւ պիտի այնպէս անել, որ գործնական դերակատարումը նոյնպէս շարունակի ունենալ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment