Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զաթուլին. Պէտք Է Ճանչցուի Արցախի Ատրպէյճանէն Անկախանալու Իրաւունքը

Զաթուլին. Պէտք Է Ճանչցուի Արցախի Ատրպէյճանէն Անկախանալու Իրաւունքը

by MassisPost

Ռուսաստանի Առաջին ալիքի թերեւս ամենահեղինակաւոր «Պոզներ» ծրագրի եթերին հեռուստահաղորդավար Վլատիմիր Պոզներն ու անոր հիւրըª Պետական դումայի ԱՊՀ հարցերով յանձնաժողովի առաջին տեղակալ Կոնստանթին Զաթուլինը, քննարկած են ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:

Պոզները յիշեցուցած է, որ վերջերս Ղարաբաղ կատարած այցի պատճառով Զաթուլինին կոշտ քննադատած են Ատրպէյճանի մէջ: Ան հարցուցած է, թէ ռուսաստանցի պատգամաւորը ինչպէս կը տեսնէ խնդրի կարգաւորումը:
Կոնստանթին Զաթուլինը պատասխանած է, որ իր վերաբերմունքը Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին վաղուց ձեւաւորուած է, ինքը խորապէս համոզուած է, որ այս հակամարտութիւնը հնարաւոր է լուծել:

Ըստ անոր, նոյնիսկ այն պահուն, երբ Խորհրդային Միութիւնը փլուզուած է, Ատրպէյճանի ճանաչումը նախկին սովետական սահմաններուն մէջ այնքան ալ տեղին չէր, քանի որ արդէն այդ պահուն՝ 1991-ին, երեք տարի հակամարտութիւն կ՛ընթանար, եւ Ատրպէյճանը լիովին չէր վերահսկեր Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի տարածքը:.

«Հետեւաբար, պէտք է ճանչցուի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման եւ Ատրպէյճանէն անկախանալու իրաւունքը», – Պոզներին ըսած է Զաթուլինը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment