Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամ. 2019 Թուականը Հայաստանը Պիտի Փակէ Մինչեւ 7 Տոկոս Տնտեսական Աճով

Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամ. 2019 Թուականը Հայաստանը Պիտի Փակէ Մինչեւ 7 Տոկոս Տնտեսական Աճով

by MassisPost

Այս տարի Հայաստանի տնտեսական աճը աւելի բարձր պիտի ըլլայ, քան ծրագրուած է պետական պիւտճէի մէջ, կամ տարուան սկիզբը կը կանխատեսէին միջազգային ֆինանսական կառոյցները:

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի հայաստանեան ներկայացուցիչ Եուլիա Ուստիւկովայի խօսքով, կը սպասուի, որ տարին Հայաստանը պիտի փակէ մինչեւ 7 տոկոս տնտեսական աճով, մինչդեռ այսօր «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ան յիշեցուցած է, որ դեռ ապրիլին հիմնադրամը կանխատեսած էր 4,6 տոկոս տարեկան տնտեսական աճ:

«Գալիք տարուան տնտեսական աճի համար մեր կանխատեսումը մեծամասամբ նոյնական է Հայաստանի կառավարութեան կանխատեսման հետ: Այս տարուան համար կը կանխատեսենք 6,5-7 տոկոս աճ, 2020 թուականի եւ միջնաժամկէտ հեռանկարի համար աճը կը կանխատեսենք 4,5 տոկոսէն 5 տոկոսի շրջակայքը: Կը կարծեմ՝ նման կանխատեսումը հիմնաւորուած է», – ըսած է ան:

Ուստիւկովան ներկայացուցած է պատճառը, որ յանգեցուցած է աւելի բարձր տնտեսական աճի. – «Այս տարուան հայաստանեան տնտեսական աճն աւելին է, քան մենք կը սպասէինք: Այո, անցած մէկ տարուան մենք վերանայեցանք մեր կանխատեսումները, որովհետեւ սպառումն ու յատկապէս մասնաւոր սպառումը Հայաստանի մէջ շատ աւելի աշխոյժ էր, քան կանխատեսած էինք: Անշուշտ, դրական է, որ տնտեսական աշխոյժութիւնը կ՛աճի, սակայն այդքան ալ լաւ չէ, որ նման աճի պատճառը սպառումն է, ոչ թէ ներդրումները, որովհետեւ ներդրումներն են, որ հիմք կը ստեղծեն ապագայ աճի համար:

«Ազատութեան» հարցին՝ ինչո՞վ կը բացատրէ ներդրողներու պակասը, ան պատասխանած է. – «Կը կարծմ՝ կը համաձայնիք, որ անցած տարի Հայաստանն անցումային փուլի մէջ էր: Այն փուլի մը մէջ էր, երբ իշխանութիւնները դեռ կ՛աշխատէին ռազմավարութիւններու, առաջնահերթութիւններու ուղղութեամբ, որոնք ապագային առաջ պիտի մղեն տնտեսութիւնը: Այդ իսկ պատճառով ներդրողներու մօտ սպասողական մօտեցում է: Որոշ ներդրողներ կը վերաիմաստաւորեն իրենց ներդրումները տարածաշրջանային ծիրէն ներս»:.

Ինչ կը վերաբերի հայաստանեան տնտեսութեան վիճակին անցած տարուան թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք ինկած ժամանակահատուածին, ապա Եուլիա Ուստիւկովան նկատած է, որ անցած երկու տարիներուն Հայաստանի մէջ մաքրօտնտեսական իրավիճակը կայուն էր, ՀՆԱ-ն աճած է, գնաճը զսպուած էր, ելեւմտական դիմադրողականութիւն ցուցաբերած է, վարկերու աճը նպաստած է տնտեսական աշխոյժութեան, հարկային մուտքերը աճած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment