Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Լիլիթ Մակունցի Ելոյթը Իրանահայ Միութենէն Ներս

Լիլիթ Մակունցի Ելոյթը Իրանահայ Միութենէն Ներս

by MassisPost

Վերջին օրերուն Ուաշինկթըն կ՛այցելէր Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեան Խորհրդարանական «Իմ Քայլը» խմբակցութեան ղեկավարª Լիլիթ Մակունցի: Ամերիկեան Գոնկրէսէն ներս իրենց ունեցած հանդիպումներէն ետք, պատուիրակութեան անդամներ ժամանեցին Լոս Անճելըս:

Կիրակի, Նոյեմբեր 17-ի երեկոյեան, Լիլիթ Մակունց ունեցաւ հրապարակային հանդիպում մը՝ կազմակերպութեամբ Իրանահայ Միութեան:

Ելոյթի ընթացքին խորհրդարանական մեծամասնութեան ղեկավարը նախ անդրադարձաւ Ուաշինկթըն այցելութեան նպատակին, որ կը ձգտեր զարգացնելու Հայ-Ամերիկեան բարեկամական կապերը եւ ճշդելու երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան ձեւաչափը: Այս առթիւ պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման կապակցութեամբ:

Ներկայացնելով Հայաստանի ներքին հարցերը, Լիլիթ Մակունց յայտնեց որ Խորհրդարանը ներկայիս կը պատրաստուի ընդունելու շարք մը կարեւոր օրինագծեր, որոնց շարքին դատական համակարգի բարեփոխման ձգտող օրինագիծը: Բանախօսը նաեւ յայտնեց որ, մինչեւ տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլայ ապօրինի կերպով ձեռք ձգուած գոյքի մասին օրինագիծը:

Իր ներածական խօսքի աւարտին Լիլիթ Մակունց պատասխանեց ներկաներու հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Ամուլսարի ոսկի հանքին, Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցման մասին աղմուկ հանած որոշումներու հարցի, սփիւռքահայերու կողմէ ներդրումներուն վերաբերող եւ այլ հարցերուն:

Բոլոր հարցումներուն տրուեցան սպառիչ պատասխաներ՝ ներկայացնելով Հայաստանի կառավարութեան պաշտօնական դիրքորոշումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment