Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Քոնկրէսականները Կոչ Կ’ընեն Հաւասարաչափ Ռազմական Օգնութիւն Տրամադրել Հայաստանին Ու Ատրպէյճանին

ԱՄՆ Քոնկրէսականները Կոչ Կ’ընեն Հաւասարաչափ Ռազմական Օգնութիւն Տրամադրել Հայաստանին Ու Ատրպէյճանին

by MassisPost

ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամներ Ճեքի Սփիրը, Ֆրենք Փալոնը եւ Ատամ Շիֆը Նոյեմբեր 18-ին նամակ յղած են ԱՄՆ պետական քարտուղար Մայք Փոմփեոյին, ուր կրկին մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանին ու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական օգնութեան անհամաչափութեան կապակցութեամբ, կը յայտնէ «Ամերիկայի ձայնը»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով պետական քարտուղարին իրենց առաջին նամակին պատասխանելու եւ այս հարցի շուրջ անձնակազմի անդամներու մակարդակով աշխատանքային հանդիպման համար՝ քոնկրէսականներն ընդգծած են, որ կը շարունակեն մտահոգուած մնալ այս երկու երկիրներու միջեւ ռազմական օգնութեան չափերու հարցով: Նամակին մէջ քոնկրէսական Շիֆը, Սփիրն ու Փալոնը անհամաձայնութիւն յայտնած են ԱՄՆ պետական քարտուղարի այն պնդման վերաբերեալ, ըստ որու, 102 միլիոն տոլարի ռազմական օգնութիւնը Ատրպէյճանին չի խաթարեր ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացն ու չօգտագործուիր որեւէ կերպ Հայաստանի դէմ ռազմական յարձակման ժամանակ:

Նամակին մէջ քոնկրէսականները փաստած են, որ Ատրպէյճանի ռազմական ներուժը վերջին տարիներուն անընդմէջ կ’աճէ: Անոնք ընդգծած են, որ ամերիկեան ռազմական օգնութիւնը հնարաւորութիւն կու տայ Ատրպէյճանին  աւելի մեծցնել ռազմական ներուժը եւ Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակում իրականացնելու հնարաւորութիւնը:

«Կասկած չկայ, որ Ատրպէյճանին անվտանգութեան ոլորտի մէջ յատկացուող օգնութեան մեծացումը անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ տարածաշրջանին մէջ եւ կ’անտեսէ ԱՄՆ արտաքին քաղաքականութեան մէջ քսանամեայ նախադէպը»,- նշած են քոնկրէսականները նամակին մէջ՝ շեշտելով, որ ռազմական օգնութեան համաչափ տրամադրումը միակ ճանապարհն է, որու միջոցաւ ԱՄՆ-ը կրնայ պահպանել տարածաշրջանային գերտէրութեան հեղինակութիւնը, որ կրնայ հաշտեցնել Ադրբեջանը եւ Հայաստանը:

Քոնկրէսականները կոչ կ’ընեն ԱՄՆ պետական քարտուղարութեանն ու պաշտպանութեան նախարարութեան Հայաստանի համար կազմակերպելու համապատասխան դասընթացներ եւ տրամադրելու սարքաւորումներ՝ գործընկերային ներուժը մեծցնելու համար: Այդ կ’օգնէ անվտանգ դարձնել սահմաններն ու ռազմական հաւասարութիւն ստեղծել, նշուած է նամակին մէջ: Քոնկրէսականները նաեւ խնդրած են այս հարցի շուրջ հանդիպում կազմակերպել ԱՄՆ Քոնկրէսի անդամներու ու համապատասխան նախարարութիւններու պատասխանատու պաշտօնեաներու միջեւ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment