Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Հանդիպումները Կ’օգնեն Աւելի Լաւ Ճանչնալու Հայաստանը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանի Հանդիպումները Կ’օգնեն Աւելի Լաւ Ճանչնալու Հայաստանը

by MassisPost

Դեսպանատան պաշտօնեաները բնականոն դիւանագիտական գործունէութեան շրջածիրէն ներս հանդիպումներ կ’ունենան տարբեր տեսակէտներու ու գաղափարներու յարող բազմաթիւ քաղաքական կուսակցութիւններու հետ՝ այսպիսին է ԱՄՆ դեսպանատուներու աշխատաոճը ամբողջ աշխարհի մէջ։ Այսպէս պատասխանած են Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն «Ազատութեան» հարցին՝ արդեօք շարունակակա՞ն պիտի ըլլան դեսպան Լին Թրեյսիի հանդիպումները Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան հետ, եւ ի՞նչ այլ կուսակցութիւններու հետ ան կը ծրագրէ հանդիպիլ:

Հարցին ալ, թէ ի՞նչ է այդ հանդիպումներու նպատակը, եւ արդեօ՞ք անոնք պիտի սահմանափակուին միայն քաղաքական շրջանակներով, ամերիկեան դիւանագիտական առաքելութենէն արձագանգած են․ – «Դեսպանը աշխոյժօրէն յարաբերութիւններ կը զարգացնէ հասարակութեան տարբեր օղակներու հետ եւ պարբերաբար հանդիպումներ կ’ունենայ անհատներու ու խումբերու, այդ շարքին՝ Հայաստանի կառավարութեան, քաղաքացիական հասարակութեան, պիզնեսի եւ լրատուական դաշտի ներկայացուցիչներու հետ։ Բոլոր այս հանդիպումները կ’օգնեն աւելի լաւ ճանչնալու Հայաստանը եւ  մեծցնելու՝ բոլոր ուղղութիւններով մեր երկկողմ կապերն առաւել խորացնելու ու ընդլայնելու կարողութիւնը»։

Յիշեցնենք, անցեալ շաբաթ Հանրապետականի գրասենեակը հաղորդած էր, որ կայացած է կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հանդիպումը Լին Թրեյսիի հետ՝ ԱՄՆ դեսպանի նախաձեռնութեամբ:

Անկէ ետք եղան հաղորդագրութիւններ նաեւ այլ քաղաքական ուժերու հետ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի հանդիպումներու մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment