Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ Մինչեւ Տարեվերջ կը Սպասուի 7 Տոկոս Տնտեսական Աճ

Հայաստանի Մէջ Մինչեւ Տարեվերջ կը Սպասուի 7 Տոկոս Տնտեսական Աճ

by MassisPost

Այս տարուայ տնտեսական արդիւնքները ցոյց կու տան, որ տնտեսական յեղափոխութեան իրականացմանն ուղղուած ՀՀ կառավարութեան գործողութիւնները արդարացուած են եւ արդիւնաւէտ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ-ի մէջ Ամերիկեան առեւտուրի պալատի տարեվերջեան հանդիպման ժամանակ իր ելոյթին մէջ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

«Մեր կառավարութիւնը իր գործունէութեան առաջին օրերէն սկսած հռչակած է Հայաստանի մէջ տնտեսական յեղափոխութիւն իրականացնելու օրակարգը: Ըստ էութեան, առաջին փուլին այդ ճանապարհով երթալու համար հռչակեր ենք երեք հիմնական ուղղութիւն: Առաջինը` քորուփցիայի դէմ պայքարը, երկրորդը` մենաշնորհներու վերացումը եւ երրորդը` ստուերային տնտեսութեան դէմ պայքարը: Մեր առաջին շերտի գործողութիւնները ուղղուած եղած են ասոր, եւ կրնանք արձանագրել, որ 2019 թուականին տնտեսական տարուան արդիւնքներով այս մօտեցումը արդարացուցած է ինքզինք, ցոյց տուած է իր արդիւնաւէտութիւնը, որովհետեւ այս տարի կը սպասենք 7 տոկոս տնտեսական աճ: Ընդ որում, այդ տնտեսական աճը կը սպասենք՝ ունենալով տնտեսութեան մէջ էական եւ շօշափելի փոփոխութիւններ: Այդ փոփոխութիւններու հիմնական մասը կը ձեւաւորուի ապագայի վերաբերեալ մեր ունեցած տեսլականէն»,- ըսած է Փաշինեանը:

Միւս կողմէ, ՀՀ վարչապետը կը հասկնայ, որ այս երեք գործիքներու ներուժը յաւերժ չէ եւ պէտք է նոր գործիքակազմ կիրառուի յետագայ տնտեսական աճը եւ ներդրումները խթանելու ուղղութեամբ:

«Ի հարկէ, կը հասկանանք, որ այս երեք գործիքները ունին որոշակի ներուժ եւ այդ ներուժը յաւերժ չէ: Նկատի ունիմ՝ ստուերի, քորուփցիայի, մենաշնորհներու դէմ պայքարը, անոնք, բնականաբար, պէտք է ըլլան շարունակական, բայց տնտեսական աճը եւ աշխուժութիւնը խթանելու պաշար ունին եւ այդ պաշարը ինչ-որ պահի պէտք է սպառի: Հետեւաբար, կառավարութիւնը պէտք է նոր գործիքակազմ կիրառէ յետագայ տնտեսական աճը եւ ներդրումները խթանելու  համար»,- եզրափակած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment