Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Բացայայտած է Երեխաներու Ապօրինի Որդեգրման Դէպքեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը Բացայայտած է Երեխաներու Ապօրինի Որդեգրման Դէպքեր

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բացայայտած է օտարերկրացիներու կողմէ երեխաներու ապօրինի որդեգրման բազմաթիւ դէպքեր։

Ըստ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան, երկու հայաստանցիներ օգտագործած են իրենց կապերը հանրապետական ծննդատուներէն մէկուն, շարք մը գերատեսչութիւններու ու նաեւ մանկատուներու մէջ, հայաստանեան օրէնքներու կոպիտ խախտմամբ կազմակերպած  են աւելի քան 30 փոքրիկներու որդեգրումներ Իտալիոյ քաղաքացիներու կողմէ։

Առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքերու առթիւ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքէն ներս յարուցուած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն։

Օտարերկրեայ որդեգրումներու գործընթացին մէջ ներգրաւուած գերատեսչութիւններէն՝ Աշխատանքի ու ընկերային հարցերու, Արդարադատութեան նախարարութիւնները յատկապէս Իտալիոյ քաղաքացիներու կողմէ որդեգրուած 30 երեխաներու իրավիճակի վերաբերեալ լրացուցիչ որեւէ տեղեկութիւն չեն տրամադրած։ Օտարերկրեայ որդեգրումներու վերաբերեալ հնչող, մեղմ ըսած՝ մտահոգութիւններուն անդրադարձած է միայն Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը. – «Օրկաններու վաճառքի մասին այս պահուն խօսք չկայ, եթէ յաւելեալ ինչ-որ բան ըլլայ, կը խօսուի այդ մասին»,- ըսած է ան։

ԱԱԾ բացայայտումներուն արձագանգած է նաեւ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեանը ֆէյսպուքեան գրառմամբ. «Օրինականութեան հաստատումը պէտք է ըլլայ բոլոր ոլորտներուն մէջ, եւ կառավարութեան ջանքերը այս ուղղութեամբ անբեկանելի են՝ յատկապէս նման նուրբ եւ երեխաներու իրաւունքներուն վերաբերող ոլորտին մէջ, ուր առաւել ուշադիր պէտք է ըլլանք երեխայի լաւագոյն շահը պաշտպանելու համար։ Ցանկացած բժշկական հիմնարկ կամ աշխատող, որ ներգրաւուած եղած է կամ այսուհետ կ’ըլլայ նման ապօրինի սխեմաներու մէջ, պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի օրէնքի ողջ ուժով», – գրած է նախարարը։

Աշխատանքի ու ընկերային հարցերու նախարարի օգնական Մուշեղ Յովսէփեանը շաբաթներ առաջ «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցին մէջ շեշտած էր՝ ունին կասկածներ, որ երեխաները արտասահման որդեգրուելէ առաջ հայաստանցի որդեգրել ցանկացողներուն չեն ներկայացուիր, այնինչ նման իրաւական պահանջ կայ. փոքրիկի համար դուրսը ծնող փնտռելէ առաջ այստեղ պէտք է սպառուած ըլլան բոլոր հնարաւորութիւնները։

Օտարերկրեայ որդեգրումներու գործընթացի գլխաւոր դերակատարներէն է Արդարադատութեան նախարարութիւնը։ Քաղաքացիական կացութեան գրանցման գործակալութեան պետ Անի Մխիթարեանը պնդած էր՝ դուրս որդեգրման կ’երթան այստեղ չընտրուած երեխաները, ընդ որում, որդեգրման փաթեթին կը կցուի նաեւ փոքրիկներուն այցելած ու անոնց չընտրած հայաստանցիներու ցանկը։ Գործակալութեան պետը շեշտած էր, որ օտարերկրեայ որդեգրումներու հետ կապուած որեւէ մութ անկիւն չկայ: Անոնք սահմանը կը հատեն երկարատեւ փաստաթղթային գործընթացներէ ետք, միայն կառավարութեան որոշմամբ, դատարանի վճիռով։ Պահանջները շատ խիստ են նաեւ ընդունող երկիրներուն քով:

Նշենք, որ ըստ հաղորդագրութեան, փոքրիկները որդեգրուած են 2016-18 թուականներուն, այդ երեք տարիներուն արտասահմանեան որդեգրման տրուած է ընդհանուր 54 երեխայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment