Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հարցախոյզ.- Ամենավստահելի Համացանցային Միջոցը «Ազատութիւն»ն է, Ամենավստահելի Հեռուստաընկերութիւնը՝ «Շանթ»ը

Հարցախոյզ.- Ամենավստահելի Համացանցային Միջոցը «Ազատութիւն»ն է, Ամենավստահելի Հեռուստաընկերութիւնը՝ «Շանթ»ը

by MassisPost

Ազգային ժողովի նկատմամբ հանրութեան վստահութեան մակարդակը բաւական ցածր է եւ կը զիջի վարչապետի, նախագահի եւ կառավարութեան կառոյցներու հանդէպ վստահութեան ցուցանիշներուն։ Սա հակառակ անոր, որ Սահմանադրութիւնը փոխուած է, ու Հայաստանի կառավարման համակարգը կիսանախագահականէն խորհրդարանական դարձած է։

Նման եզրայանգման եկած է «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» դրամաշնորհային ծրագրով հանրութեան շրջանակէն ներս մետիագրագիտութեան թեմայով հարցախոյզ կատարած Հասարակական հետազօտութիւններու առաջատար խումբը (APR Group)։ Վստահութեան մակարդակով կը զիջի դատական համակարգը, անոր կը յաջորդէ կուսակցութիւններու կառոյցները։

Ամենահամակրելի քաղաքական գործիչը, ըստ հարցումներու, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն է, անոր կը յաջորդեն նախագահ Արմէն Սարգսեանն ու ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը։ Հարցախոյզը կատարուած է ամրան ամիսներուն, եւ եռեակին կը յաջորդէ այն ժամանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։ Հնգեակը եզրափակած է Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։

Հարցերէն մէկն ալ վերաբերած է ամենահակակրելի գործիչներուն։ Ըստ այդմ, հարցախոյզի մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը հակակրելի գործիչի անուն չէ նշած, 26 տոկոսը չի սիրեր երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը, անոր կը յաջորդեն հանրապետականներ Արմէն Աշոտեանն ու Էտուարտ Շարմազանովը։ Չորրորդ հակակրելի գործիչը երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանն է, որուն կը յաջորդէ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանը, որուն չի սիրեր հարցախոյզին մասնակցողներու տաս տոկոսը։

Ինչ կը վերաբերի արտագաղթի ցանկութեան, ապա հարցման արդիւնքները ներկայացնողները վստահեցուցած են՝ նախորդ տարիներուն տրուած նման հարցումներու համեմատ, դրական միտում կայ, այժմ աւելի քիչ թիւով քաղաքացիներ կը փափաքին հեռանալ. հարցախոյզի մասնակցողներուն գրեթէ 60 տոկոսը միանշանակ չարտագաղթեր Հայաստանէն։

Հարցեր եղած են նաեւ լրատուամիջոցներու մասին, անոնք ցոյց տուած են, որ բոլոր մարզերու ե՛ւ քաղաքային, ե՛ւ գիւղական բնակավայրերու մէջ հարցման 1200 մասնակիցներու 36,5 տոկոսի համար տեղեկատւութեան ստացման հիմնական աղբիւրը համացանցն է, գրեթէ նոյնքան են հեռուստատեսութիւնը նախընտրողները, ձայնասփիւռ լսողներու ցուցանիշը մօտ տասը անգամ փոքր է, փոխարէնը ռատիոկայաններու փոխանցած տեղեկատւութեան կը վստահի հարցախոյզի մասնակցողներուն գրեթէ 19 տոկոսը, վստահութեան ցուցանիշով երկրորդը տպագիր մամուլն է, որուն կը յաջորդեն հեռուստաընկերութիւնները։ Հանրութեան ամենավստահելի աղբիւրն, ըստ հարցումներու, պաշտօնեաներու, քաղաքական գործիչներու ուղիղ եթերներն են։

Ամենաշատ դիտուող հեռուստաալիքները «Շանթ»-ն ու «Արմենիա»-ն են, որոնք նոյն ցուցանիշն ունին, անոնց կը յաջորդէ Հանրայինը, որ երկու անգամ աւելի քիչ կը դիտեն։ Հարցման համաձայն, «Շանթ»-ն ամենավստահելի հեռուստաընկերութիւնն է, երկրորդը «Արմենիա»-ն է, երրորդը՝ Հանրայինը։

Ռատիոկայաններէն ամենամեծ լսարանն ունին Հանրային ռատիօն ու «Ազատութիւն»-ը, երրորդը «Աւրորա»-ն է։ Համացանցային ամենանախընտրելի միջոցը «Ազատութիւն»-ն է՝ 18,1 տոկոս ցուցանիշով, կը յաջորդեն News.am-ն ու 1in.am-ը։

«Ազատութիւն»-ը նաև ամենավստահելի համացանցային կայքն է, երկրորդն ու երրորդը համապատասխանաբար News.am-ն ու 1in.am-ն են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment