Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ազգայինները» Եւ «Ապազգայիններ»

«Ազգայինները» Եւ «Ապազգայիններ»

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութեան ու անոր անդամներուն դէմ շղթայազերծուած հակաքարոզչական արշաւի ընթացքին ամենէն աւելի օգտագործուած մեղադրանքը «ապազգային» պիտակաւորում է, այն տարրերուն կողմէ, որոնք իրենք զիրենք ինքնակոչ հռչակած են «ազգայնականներ»: Այս օրերուն եւս, երբ օրակարգի վրայ է Հայոց Լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան նիւթերը պարտադիր դարձնել-չդարձնելու հարցը, Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Սպորտի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան կ՛արժանանայ նոյն մեղադրանքին ու կը պահանջուի անոր հրաժարականը:

Նախ ուսումնական ծրագիրներուն կապակցութեամբ կ՛արժէ կատարել կարգ մը յստակացումներ: Նախարարութիւնը կ՛առաջարկէ, որպէսզի իւրաքանչիւր բարձրագոյն կրթական հաստատութիւն ինք իրաւասու դառնայ Հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան նիւթերը դարձնել պարտադիր կամ ոչ: Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ համալսարանները իրենք է որ, կը մշակեն ու կը տնօրինեն իրենց ուսումնական ծրագիրները՝ իւրաքանչիւրը մեկնած իր կրթական ուղղուածութենէն: Հետեւաբար, այս հարցը համալսարաններու հայեցողութեան ձգելու մէջ տարօրինակ բան չկայ եւ ընդհակառակը շատ աւելի տրամաբանական է, քան կառավարութեան կողմէ պարտադրելը:

Երկրորդ՝ Հայաստանի դպրոցները 12 տարուայ վերածուելէ ետք, Հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան նիւթերը կը դասաւանդուին աւելի երկար տարիներ:

Երրորդ յստակեցման կարօտ պարագան այն է, որ նախարարութիւնը դիմած է բոլոր բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն, որպէսզի յայտնեն իրենց կարծիքները եւ իրենց դիտողութիւնները ներկայացնեն առաջարկուող փոփոխութիւններուն կապակցութեամբ: Այդ դիմումը գտած է շատ քիչ արձագանք:

ՍԴՀԿ Հայաստանի վարչութիւնը եղաւ անոնց շարքին, որոնք հանդիպեցան ԿԳՍՄ նախարար Ա. Յարութիւնեանի հետ քննարկելու եւ պարզաբանումներ ստանալու վերջին օրերուն շրջանառուող հարցերուն շուրջ: Կատարուած հարցադրումներուն ի պատասխան նախարարը ներկայացուց իր տեսակէտները, իսկ Կուսակցութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցիլ նախարարութեան կողմէ իրականացուող բոլոր ազգանպաստ ծրագիրներուն եւ նախագիծերուն, իսկ պէտք եղած պարագային կատարել կառուցողական քննադատութիւն:

Առաջարկուող այս վերջին փոփոխութիւններուն շուրջ բնականաբար կան տարբեր կարծիքներ՝ մասնագիտական շրջանակներու մօտ: Սակայն, կան նաեւ զայն քաղաքական շահարկումի ենթարկելու պատրաստ խումբ մը, որոնք առիթը պատեհ կը նկատեն հարուածելու համար իշխանութիւններուն: Սակայն, նոյն այդ բողոքող ցուցարարներէն շատեր, վաղուց կորսնցուցած են դիմացինին «ապազգային» կոչելու բարոյական իրաւունքը՝ անցնող քսան տարիներուն լուռ մնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած չարաշահումներուն եւ ապօրինութիւններուն նկատմամբ եւ կամ գործակցելով նախկին իշխանութիւններուն հետ:

Տարօրինակն ու զարմանալին այն է որ, երկիրը թալանողները, ընտրութիւնները կեղծողները, աղքատութիւնը համատարած դարձնողները, արտագաղթը այս կամ այն ձեւով խրախուսողները, մանկապարտէզները փակող ու ապա զանոնք սեփականաշնորհողները, Ծաղկաձորի անտառները իրար միջեւ բաշխողները, Մեղրին Լաչինի հետ փոխանակելու պատրաստ եղողները, Մատրիտեան սկզբունքները ստորագրողները, տակաւին շարքը կարելի է շատ երկարել, այսօր կը ներկայանան որպէս «ազգայնականներ» ու ներկայ իշխանութիւնները կ՛ամբաստանեն, որպէս «ապազգային»:

Անցնող կարճ ամիսներու ընթացքին, բոլոր առումներով Հայաստանէն ներս կ՛արձանագրուին դրական փոփոխութիւններ: Արդիւնքները կրնան չբաւարարել տակաւին, սակայն յառաջխաղացումը զգալի է շատ-շատերու համար: Ազգայինը ան է որ, մտահոգուած է երկրի ու ժողովուրդի ապագայով ու բարօրութեամբ, կը գործէ այդ տեսլականով եւ ուղղութեամբ:

Ընդդիմադիրները ազատ են իրենց տեսակէտները արտայայտելու, բողոքելու եւ կամ այլընտրանք առաջարկելու, նոյնիսկ հրաժարական պահանջելու, սակայն երբեք իրաւունք չունին իրենց քաղաքական հակառակորդներուն ամէն առիթով «ապազգային» կոչելու:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment