Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փարիզի Մէջ Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Հայաստանի Վարչապետի Եւ Տիկնոջ

Փարիզի Մէջ Ընդունելութիւն Ի Պատիւ Հայաստանի Վարչապետի Եւ Տիկնոջ

by MassisPost

Ի պատիւ աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ տիկնոջ՝ տրուած է ընդունելութիւն, որուն մասնակցած են Ֆրանսայի հայ համայնքի հոգեւոր եւ աշխարհիկ կառոյցներու ներկայացուցիչները: Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ անոնց շարքին էին Ֆրանսայի Ազգային ժողովի հայ պատգամաւորներ, հասարակական, մշակութային գործիչներ, գործարարներ:

Իր խօսքին մէջ վարչապետը անդրադարձած է Ֆրանսա աշխատանքային այցին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ ունեցած քննարկումներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, ղարաբաղեան հակամարտութեան:

Նոյն օրը աւելի վաղ Նիկոլ Փաշինեանը տիկնոջ` Աննա Յակոբեանի հետ այցելած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնակայան, ուր մասնակցած է կազմակերպութեան 40-րդ գլխաւոր ժողովի աշխատանքներուն, հանդիպում ունեցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment