Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ ՀԲԸՄ-ի Սաթամեան Թատերախումբը Բացառիկ Տօնակատարութեամբ Նշեց Իր Հիմնադրութեան 40-Ամեակը

ՀԲԸՄ-ի Սաթամեան Թատերախումբը Բացառիկ Տօնակատարութեամբ Նշեց Իր Հիմնադրութեան 40-Ամեակը

by MassisPost

Շաբաթ, Նոյեմբերի 9, 2019, յիշատակելի բացառիկ տօնակատարութեամբ մը Հ.Բ.Ը.Մ.ի Սաթամեան (նախապէս Արտաւազդ) թատերախումբը նշեց իր հիմնադրութեան 40-ամեակը: Արդարեւ, ՀԲԸՄի Մանուկեան Տէմիրճեան վարժարանի Նազարեան սրահը շքեղօրէն զարդարուած էր թատերախումբի քառասուն տարիներու գործունէութիւնը պատկերացնող ցուցանակներով եւ գեղատեսիլ բեմով:

Կրնանք անվարան ըսել որ եղածը ոչ միայն տօնակատարութիւն ճաշկերոյթ մըն էր, այլ սիրոյ սեղան մը, ուր հաւաքուած էին շուրջ 500 հրաւիրեալներ, որոնք կարծէք այս թատերախումբի մեծ ընտանիքի անդամներն ըլլային, միասնաբար նշելու պանծալի 40 ամեակը:

Տիար Վարդան Նազիրեանի նախագահութիւնը վայելող սոյն միջոցառումի կազմակերպիչ յանձնաումբին անունով ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄի Սաթամեան թատերախումբի վարչութեան ատենապետ Տօքթ. Գրիգոր Սիմոնեան: Ան հակիրճ կերպով բնութագրեց այս հիւրընկալ ափերուն վրայ ծնունդ առած թատերախումբի առաքելութեան մասին, որ կը նպատակադրէ պահպանել մեր ազգային ինքնութիւնն ու հայոց լեզուն:

satamian-1

Ճաշի սպասարութենէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագի մը: Առաջին անգամ ըլլալով ունկնդրուեցաւ «Ծովից Ծով Հայաստան»ը, խօսք եւ երաժշտութիւն Ռուբէն Թելունցի, կատարողութեամբ Ռուբէն Թելունցի եւ Սալբի Մայիլեանի, նաեւ Թելունց երաժշտանոցի սաներուն՝ Էլեն Սողոմոնեանի, Էլէն Գոզանեանի, Ալեն Ասատրեանի, Էրիկ Սանոսեանի, Վահէ Մաթէոսեանի եւ Միլենա Սողոմոնեանի:

Արտեմիս Այվազեանի «Արաքս» երգը իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ կատարեց Սալբի Մայիլեանը: Իսկ Տիգրան Չուխաճեանի «Լէպլէպիճի Հոր Հոր Աղա» օփերեթէն (՚Հոր Հոր Աղաՙի դերերգը կատարեց Ռուբէն Թովունց:

40 ամեակի առթիւ գնահատագիրներու համար բեմ հրաւիրուաեցաւ վաստակաշատ եւ տաղանդաւոր բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեան: Ինք եւս անդրադարձաւ հայ թատորնի բարենպաստ դերին ու առաքելութեան մասին: Բարձր գնահատեց հայ բեմին իրենց կամաւոր ծառայութիւնը բերող այն տասնեակ մը անձերը, որոնք սիրայօժար կերպով եւ մեծ նուիրումով իրենց նպաստը բերին թատերախումբի յառաջընթացին ու վերելքին: Ան մէկ առ մէկ յիշեց անունները անոնց, որոնք (բեմին վրայ կամ քուլիսներու ետին) մեծ համբերութեամբ պարտաճանաչութեամբ ու նուիրումով, կատարեցին իրենց վստահուած պատասխանտու պաշտօնները: Բոլորն ալ մէկ առ մէկ բեմ բարձրանալով ստացան իրենց գնահատագիրները:

Յատուկ գնահատագիրերու արժանացան օրուան հովանաւոր Տիար Վարդան Նազիրեան եւ Տիար Նազարէթ Գեւոնեան:

Առանձին վկայագիրերու արժանացան նաեւ Սաթամեան թատերախումբի վաստակաշատ դերասաններէն Ռուբէն Հարմանտայեան, Ալեքս Խուրշուտեան, Գէորգ Քէօշկէրեան եւ Մանուկ Սաթամեան, առ ի գնահատաութիւն իրենց երկարամեայ դերակատարութեան եւ անսակարկ նուիրումին:

satamian-4

Գրիգոր Սաթամեանի վաղեմի դասընկերներէն արուեստագէտ Տիգրան Էքիզեան իր հետաքրքրքական յուշերը պատմելէ ետք առ ի գնահատութիւն վեթերան բեմադրիչ եւ թարգմանիչ Գրիգոր Սաթամենաի 40 տարիներու անվհատ ծառայութեան եւ նուիրումին իրեն փոխանցեց թատերական արուեստը խորհրդանշող եւ իր ձեռակերտը եղող մետաղեայ դիմակ մը:

Վաստակաշատ բեմադրիչ այս առթիւ իր խորին շնորհակալութիւները յայտնեց ՀԲԸՄի թէ Կեդրոնական եւ թէ տեղական վարչութիւններուն: 40 ամեակի սոյն ձեռնարկը կազմակերպողներուն, հովանաւորներուն եւ թատերախումբի հին ու նոր բոլոր անդամներուն:

Յայտագրի աւարտին հերթը եկած էր Գրիգոր Սաթամեանի զուարթախօսութիւններուն: Ներկաները կուշտ ու կուռ լիահաքաք խնդուքի պահեր ապրեցան, ունկնդրելով Սաթամեանի գոյնզգոյն անեքթոտները… որոնց գխլուխ գործոցն էր «Արժանթինեան Թանկօ պարել Պուէնոս Այրէսի մէջ…»:

Ներկաները ուշ երեկոյեան սրահէն բաժնուեցան լաւագոյն տպարւոութիւններով եւ բարձր տրամադրութեամբ:
Կը շնորհաւորենք կազմաերպիչները, նորանոր յաջողութիւններ ՀԲԸՄի Սաթամեան թատերախումբին:
Գ. ՄՈԼՈՅԵԱՆ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment