Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Բարգաւաճ Հայաստան» Խմբակցութիւնը Դէմ Պիտի Քուէարկէ 2020 Թուականի Պիւտճէի Նախագիծին

«Բարգաւաճ Հայաստան» Խմբակցութիւնը Դէմ Պիտի Քուէարկէ 2020 Թուականի Պիւտճէի Նախագիծին

by MassisPost

«2020 թուականի պետական պիւտճէն ամենեւին չենք համարում յեղափոխական, տնտեսական յեղափոխութիւնը չսպասարկող պիւտճէ է», – այս մասին յայտարարած է ԱԺ «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Միքայէլ Մելքումեանը։

Ըստ անոր, նման պիւտճէով, կառավարութեան հնգամեայ ծրագիրով, ներդրումներու քաղաքականութեամբ, այսինքն՝ այս բոլոր մօտեցումներով հնարաւոր չէ ապահովել այն մօտեցումները, յոյսերն ու սպասելիքները, որոնք քաղաքական յեղափոխութեան ժամանակ առաջացած են ժողովուրդի մօտ։

Միքայէլ Մելքումեանն ընդգծած է, որ 4,9 տոկոս տնտեսական աճը, որ նշուած է պիւտճէին մէջ, յետընթաց է։

Պատգամաւորը համոզուած է՝ տնտեսական յեղափոխութիւնը նման կերպ իրականութիւն չի կրնար դառնալ, իսկ պիւտճէն ալ չի կրնար սպասարկել պետութեան ու ժողովուրդի շահը, եւ իրենց խմբակցութիւնը դէմ պիտի քուէարկէ պիւտճէին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment