Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սուրիոյ մէջ Սպանուած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հովուապետն ու Անոր Հայրը

Սուրիոյ մէջ Սպանուած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Հովուապետն ու Անոր Հայրը

by MassisPost

Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչները սպանած են Գամիշլիի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովուապետ Տէր Յովսէփ քահանայ Պետոեանն ու անոր հայրը` Տէր Աբրահամ քահանայ Պետոսեանը:

Անոնք սպանուած են մեքենայով Տէր Զօր ուղեւորուելու ճանապարհին: Ինչպէս «Ազատութեան» փոխանցած է հովուապետի մանկութեան ընկեր Յակոբ սարկաւագ Պարսումեանը, ահաբեկիչները կրակ բացած են անոնց մեքենայի ուղղութեամբ:

Սարկաւագը ըսած է, որ հովուապետը ծնած եւ մեծցած է Սուրիոյ մէջ, Հայաստանի մէջ ձեռնադրուելէ ետք վերադարձած եւ ծառայութիւնը շարունակած է Սուրիոյ մէջ:

Ան նաեւ պատմած է, որ մեծ պայթում տեղի ունեցած է Գամիշլիի մէջ£ Assosiated press-ի հաղորդմամբ, ընդհանուր 3 պայթում որոտացած է, զոհերու թիւը ութն է, անոնց մէջ հայեր չկան:

Սարկաւագը շեշտած է, որ այս պայթումներն ու սպանութիւնը իրար հետ կապ չունին:

Սուրիոյ մէջ ՀՀ նախկին արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արշակ Փօլատեանն ալ յայտնած է, որ Տէր Զորը բաւականին հեռու է Գամիշլիէն եւ չի գտնուիր Փութինի ու Էրտողանի ձեռքբերած պայմանաւորուածութեան արդիւնքով ստեղծուած անվտանգութեան գօտիի տարածքին մէջ: Միեւնոյն ժամանակ ան նշած է, որ Թուրքիան մէկ անգամ չէ, որ խախտած է այդ պայմանաւորուածութիւնը:

Յիշեցնենք, որ 9 Հոկտեմբերին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը յայտնած էր, որ թրքական զինուժը, Ազատ սուրիական բանակի հետ միասին Սուրիոյ հիւսիսը սկսած են ՚Խաղաղութեան ակունքՙ գործողութիւնը PKK/YPG-ի եւ Իսլամական պետութեան ահաբեկիչներու դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment