Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփ եւ Էրտողան Սպիտակ Տան Մէջ Պիտի Հանդիպին Նոյեմբեր 13-ին

Թրամփ եւ Էրտողան Սպիտակ Տան Մէջ Պիտի Հանդիպին Նոյեմբեր 13-ին

by MassisPost

Ուաշինկթընն ու Անգարան պաշտօնապէս հաստատած են` յաջորդ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, ուր բանակցութիւններ պիտի ունենայ իր ամերիկացի պաշտօնակիցի հետ:

Առաջիկայ այցի ժամկէտներու եւ օրակարգի մասին պայմանաւորուածութիւնները նախագահներ Թրամփը եւ Էրտողանը ձեռք բերած են չորեքշաբթի երեկոյեան կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին: Այս մասին Թրամփը գրած էր Twitter-ի իր էջին:

«Շատ լաւ հեռախօսազրոյց ունեցայ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Ան ինձ տեղեկացուց, որ գերեւարուած են «Իսլամական պետութեան» բազմաթիւ զինեալներ, որոնք հակամարտութեան ընթացքին յաջողած էին փախուստի դիմել, այդ շարքին ահաբեկիչ եւ մարդասպան Ալ Պաղտատիի կինն ու քոյրը», – գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով, – «Խօսած ենք նաեւ Սուրիոյ հետ սահմանին տիրող իրավիճակի, ահաբեկիչներու դէմ պայքարի, քիւրտերու հետ բախումներուն վերջ տալու եւ բազմաթիւ այլ հարցերու մասին: Յաջորդ չորեքշաբթի` Նոյեմբեր 13-ին, անհամբերութեամբ կը սպասեմ նախագահ Էրտողանը Սպիտակ տան մէջ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի հետ հեռախօսային բանակցութիւններու մասին պաշտօնական այցով Հունգարիա մեկնելէ առաջ, Անգարայի մէջ խօսած է նաեւ Թուրքիոյ ղեկավարը:

«Երեկոյեան հեռախօսազրոյց ունեցայ նախագահ Թրամփի հետ եւ մենք յաջորդ շաբաթ բանակցութիւններ պիտի ունենանք արդէն Ուաշինկթընի մէջ», – նշած էր Թուրքիոյ ղեկավարը:

Աւելի վաղ,Twitter-ի վրայ ըրած գրառմամբ Թուրքիոյ նախագահը որոշ մանրամասներ հաղորդած էր Թրամփի հետ հեռախօսազրոյցի մասին` այն արդիւնաւէտ որակելով:

«Ես հաւատացած եմ, որ այսօրուայ մեր հեռախօսազրոյցը Նոյեմբեր 13-ին նախատեսուած ամերիկեան այցի ընթացքին դրական արդիւնքներու կը յանգեցնէ թէ՛ երկկողմ յարաբերութիւններու եւ թէ՛ տարածաշրջանային զարգացումներու տեսանկիւնէ», – գրած է Էրտողանը՝ նշելով նաեւ, – «Այս հեռախօսազրոյցի ընթացքին մենք քննարկեցինք այն քայլերը, որոնք պիտի ձեռնարկենք բազմաթիւ ասպարէզներու մէջ, մասնաւորաբար ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ երկկողմ առեւտուրի ոլորտին մէջ նախանշուած նպատակներուն հասնելու խնդրով», – գրած է Էրտողանը:

Յիշեցնենք, որ վերջին օրերուն թրքական եւ ամերիկեան աղբիւրները չէին բացառեր, որ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը կրնայ հրաժարիլ Ուաշինկթըն մեկնելու գաղափարէն` Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման դէմ բողոքելով: Այժմ արդէն այդ անորոշութիւնը կարծես յաղթահարուած է. այդ, սակայն, չի նշանակեր, որ Թրամփի եւ Էրտողանի բանակցութիւնները դիւրին ընթացք պիտի ունենան: Այդ մէկը պարզ դարձաւ Թուրքիոյ նախագահի` ամերիկացիներու հասցէին հնչեցուցած քննադատութենէն:

«[քրտական] «Ժողովրդական պաշտպանութեան ուժերն» ու «Դեմոկրատական միութիւն» կուսակցութիւնը, «Իսլամական պետութիւնը», Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը` այս բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններու զինեալները 120 ժամուան ընթացքին պէտք է հեռացուէին այս տարածաշրջանէն: Միացեալ Նահանգները, սակայն, իր այդ խոստումը չկատարեց: Աւելին, քրտական ուժերը կը շարունակեն յարձակումներ գործել մեր աջակցութիւնը վայելող ջոկատներու վրայ: Այսօր միայն Սուրիոյ ազգային բանակի 11 մարտիկ սպանուած է», – յայտարարած էր Էրտողանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment