Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռոպերթ Քոչարեանը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կալանքի Տակ

Ռոպերթ Քոչարեանը Պիտի Շարունակէ Մնալ Կալանքի Տակ

by MassisPost

Երկրորդ նախագահ, Մարտ 1-ի գործով սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանը պիտի շարունակէ մնալ կալանքի տակ: Առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս դատաւոր Աննա Դանիբեկեանը կրկին մերժած է Քոչարեանի փաստաբաններու միջնորդութիւնը անոր գրաւի դիմաց ազատ արձակելու վերաբերեալ:

«Կալանքը գրաւով փոխարինելու մասին, մերժել», – յայտարարած է Դանիբեկեանը:

Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբան Ռուբէն Սահակեանի փոխանցմամբ՝ իրենք Վերաքննիչ դատարանին պիտի բողոքարկեն դատաւոր Աննա Դանիբեկեանի կայացուցած որոշումը։ Սահակեանը մերժման որոշման դեռ չէ ծանօթացած, բայց կ’ենթադրէ, դատարանը որոշման հիմք ընդունած է դատախազներու ներկայացուցած այն հանգամանքը, որ ազատութեան մէջ Քոչարեանը կրնայ խոչընդոտել քննութեան: Փաստաբանը տեղի ունեցածը որակած է ապօրինութիւն, որու պատասխանատուն կը համարէ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը:

Արդէն մէկ անգամ դատաւոր Դանիբեկեանին ինքնաբացարկի միջնորդութիւն յայտարարած Քոչարեանի փաստաբանական խումբի անդամ Ռուբէն Սահակեանը կը կարծէ՝ անհրաժեշտութեան պարագային պէտք է 100 նման միջնորդութիւն ներկայացնել, քանի որ դատաւորը, ըստ Սահակեանի, իր մասնագիտութեան չի տիրապետեր: Փաստաբանը աւելի հեռու գնաց՝ հեգնելով դատաւորը, թէ ան ոչ թէ Քոչարեանին, այլ իր կատուներուն պէտք է դատէ:

Թէեւ այս գործով դատավարութիւնը սկսած է գարնան, բայց բուն գործին դեռ անդրադարձ չէ եղած՝ դատաւորները հիմնական քննած են նախկին նախագահի կալանքի հարցը: Ինչո՞ւ նման միջնորդութիւններով ձգձգել դատական գործընթացը, եթէ կ’ըսէք, որ ձեզի համար ակնյայտ է, որ դատարանը պիտի մերժէ զանոնք, «Ազատութեան» հարցին ի պատասխան Սահակեանը հակադարձած է՝ այդ իրենց մանսագիտական պարտականութիւնն է, ապա փաստաբանին զայրացուցածէ լրագրողի մէկ այլ հարց այն մասին, որ կայ տեսակէտ, թէ Քոչարեանի փաստաբանական խումբը կը ձգձգէ գործընթացը, մինչեւ որ Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) ստանայ Վենետիկի յանձնաժողովի ու ՄԻԵԴ-ի կարծիքը նախկին նախագահին մեղսագրուող 300.1 յօդուածի վերաբերեալ:

«Մենք նպատակ չունենք ձգձգել քննութիւնը, մէկ, մենք նպատակ չունենք սպասել միջազգային կառոյցներից եկած գնահատականին», -ըսած է Ռուբէն Սահակեանը:

Յաջորդ դատական նիստը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 12-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment