Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեծ Բրիտանիան Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Արա Տարզիի Յօդուածը «The Guardian»-Ի Մէջ

Մեծ Բրիտանիան Պէտք Է Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. Արա Տարզիի Յօդուածը «The Guardian»-Ի Մէջ

by MassisPost

Բրիտանահայ ականաւոր վիրաբոյժ, Առողջապահական համաշխարհային նորարարութիւններու հիմնարկի նախագահ, Մեծ Բրիտանիոյ  առողջապահութեան նախկին նախարար Արա Տարզի իր մտահոգութիւնը յայտնած է այն առնչութեամբ, որ Մեծ Բրիտանիան չէ հետեւած ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի օրինակին: «The Guardian»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ Տարզի նշած է, որ կ՛ողջունէ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը եւ մտահոգուած է նման գործընթացի բացակայութեամբ Բրիտանիոյ կառավարութեան կողմէ:

«Որպէս Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ առաջին հայ, այնքան ուրախ եմ, որ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը քուէարկութեամբ ճանչցաւ մէկ դար առաջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Բայց ես հիասթափուած եմ, որ բրիտանական կառավարութիւնը կը հրաժարի ճանչնալէ մօտ 1,5 միլիոն հայերու սպանդը: Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ ընդհանուր լռութիւնը ժամանակին մէջբերած էր Հիթլեր, երբ կը ծրագրէր Եւրոպայի հրէական բնակչութեան բնաջնջումը: Իմ եւ իմ հայրենակիցներուն համար ուժգին ցաւի աղբիւր է այն, որ մեր կառավարութիւնը յամառօրէն կը ժխտէ ցեղասպանութիւնը` մեկնելով Թուրքիոյ` ՆԱԹՕ-ի գործընկերոջը, նեղացնելու մտավախութենէն»,-  նշած է ան։

Ան յիշեցուցած է, որ աշխարհի առնուազն 20 երկիր պաշտօնապէս կոտորածը ճանչցած է որպէս ցեղասպանութիւն, ինչպէս Ֆրանսան, Գերմանան, Իտալիան, Ռուսիան, Եւրոպական Խորհրդարանը: Այժմ ալ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը միացած է անոնց:

«Իմ մեծ պապը եւ անոր որդիները մահապատժի ենթարկուած են Օսմանեան կառավարական ուժերուն կողմէ 1915-ին: Անոր աղջիկը` իմ տատիկը, որ այդ ժամանակ դեռահաս էր, կրցած է փրկուիլ: Ան իր մօր հետ շաբաթներ շարունակ Էրզրումէն, ուր ապրած է անոր ընտանիքը, քալած է դէպի Մոսուլ: Ես ծնած եմ Պաղտատ, ուր ապրած ենք որպէս փախստականներ»,-գրած է Տարզի: Ան անազնիւ կը համարէ այն, որ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ մերժել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան ընդգծած է, որ ցեղասպանութիւնը համընդհանուր հարց է` յիշեցնելով, որ մարդկութիւնը տեսած է Ռուանտայի, Տարֆուրի մէջ տեղի ունեցածը, այն, ինչ կատարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքին հետ «Իսլամական պետութեան» ձեռքով Սուրիոյ, Իրաքի մէջ:

«ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ ընդունուած բանաձեւին մէջ կ՛ըսուի, որ կառավարութիւնը պէտք չէ ինքզինք նոյնացնէ «հայերու կամ այլ ցեղասպանութիւններու ժխտման հետ»: Մեր խորհրդարանը պէտք է նոյնը ընէ»,-գրած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment