Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սպիտակ Տունը Դէմ Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւին. Պլումպըրկ

Սպիտակ Տունը Դէմ Է Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Բանաձեւին. Պլումպըրկ

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը դէմ է Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի ընդունած բանաձեւերուն, որոնցով Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կը սահմանուին եւ կը դատապարտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը յայտնէ Պլումպըրկը՝ յղում ընելով Պետական բաժանմունքի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն մէկուն: Թրամփի վարչակազմը կը կարծեն, որ այդ բանաձեւերը աւելի կը սրեն Թուրքիոյ հետ լարուած յարաբերութիւնները:

Պաշտօնեան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններու դէմ բանաձեւերու ընդունումը անպատեհ ժամանակի տեղի ունեցած է եւ կրնայ օրէնսդրական հետեւանքներու յանգեցնել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment