Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իւրաքանչիւր Բուհ Իրաւասու Է Հայոց Լեզուի, Գրականութեան Եւ Պատմութեան Առարկաները Դարձնել Պարտադիր

Իւրաքանչիւր Բուհ Իրաւասու Է Հայոց Լեզուի, Գրականութեան Եւ Պատմութեան Առարկաները Դարձնել Պարտադիր

by MassisPost

Ի պատասխան «ՀՀ բարձրագոյն կրթութեան եւ գիտութեան մասին» ՀՀ օրէնքին` ՀՀ ԿԳՄՄՆ-ի ներկայացուցած աշխատանքային տարբերակին մէջ «Հայոց լեզու», «Հայ գրականութիւն» եւ «Հայոց պատմութիւն» նիւթերը բուհերուն (Բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն) մէջ ուսուցանուող պարտադիր առարկաներու ցանկէն հանելու առաջարկին վերաբերեալ հարցումներուն եւ առկայ դժգոհութիւններուն, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան (ԿԳՄՄՆ) տարածած պարզաբանութեան մէջ կը յայտնեն․

-Թէեւ աշխատանքային քննարկման նպատակով ուղարկուած օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ բուհերէն այս հարցումին առնչուող դիտողութիւններ ու առաջարկներ գրեթէ չեն ստացած, սակայն օրէնքի նախագիծով լայն ինքնավարութիւն կը տրուի բուհերուն` որոշելու ուսումնական եւ գիտական ծրագիրներու բովանդակութիւնը: Հետեւաբար, նախագիծի ընդունումէն ետք իւրաքանչիւր բուհի գիտական խորհուրդը կրնայ որոշում կայացնել, որ այս առարկաները պարտադիր պէտք է դասաւանդուին բոլոր բաժանմունքներուն մէջ:

-Միեւնոյն ժամանակ, նախագիծի աշխատանքային տարբերակին մէջ առկայ սկզբունքներուն յստակ ամրագրուած են հայագիտական հետազօտութիւններու գերակայութիւնը, սփիւռքի համար հայագիտութեան զարգացման ու հայ մշակութային ժառանգութեան ճանաչման տարածման նպատակով մասնագէտներու պատրաստումը, ազգային ինքնութեան եւ համամարդկային արժէքներու արմատաւորումը:

-Նախատեսուած է հիմնական ֆինանսաւորման տրամադրում բուհերուն` ազգային արժէք ներկայացնող գիտական ենթակառուցուածքներու պահպանման ու զարգացման նպատակով:

-Աւելին` Հայաստանի մէջ որեւէ բուհ ընդունուելու համար ՀՀ քաղաքացիները, անկախ ընտրած մասնագիտութենէն, պարտաւոր են յանձնել հայոց լեզուի միասնական քննութիւն:

Այսպիսով, օրէնքի նախագիծը ոչ թէ կը նուազեցնէ հայերէնի եւ հայրենագիտութեան դերը, այլ ընդհակառակը, կ՛ամրագրէ այս կարեւոր արժէքներու սերմանումն ու համապատասխան մասնագէտներու պատրաստումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment