Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Freedom House. Հայաստանի Մէջ Համացանցը Ազատ Է

Freedom House. Հայաստանի Մէջ Համացանցը Ազատ Է

by MassisPost

Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է 2019-ին համացանցի ազատութեան առումով վարկանշային ցանկը:

«Հայաստանի մէջ կը շարունակուին 2018-ի Թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքով յառաջացած դրական փոփոխութիւնները: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան գլխաւորած է բովանդակութեան սահմանափակումներու եւ օգտատէրերու իրաւունքներու խախտումներու նուազեցման ուղղուած գործողութիւնները…  Թուային լրատուամիջոցները տնտեսական եւ քաղաքական ճնշումներէն մեծ ազատութիւն ստացած են»,- կ՛ըսուի կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ:

Համացանցային տիրոյթի ազատութեան ցուցանիշով Հայաստան հաւաքած է 100-էն կէտէն 76 եւ կը կը գտնուի 8-րդ տեղը։ Ան առաջ անցած է այնպիսի երկիրներէ, ինչպիսին Ճափոնը եւ Հարաւային Քորէան:

Հարեւան Վրաստանը 1 կէտ պակաս հաւաքած է եւ նոյնպէս ներառուած է ազատ համացանցային տիրոյթ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ:

Ատրպէյճանը եւ Թուրքիան ընդգրկուած են անազատ համացանցային տիրոյթ ունեցող երկիրներու ցանկին մէջ եւ համապատասխանաբար 39 եւ 37 կէտ ստացած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment