Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Զոհրապ Մնացականեանը Ատրպէյճանցի Պատգամաւորին «Դուք Լսա՞ծ էք Պաքուի, Սումկայիթի եւ Մարաղայի Մասին»

Զոհրապ Մնացականեանը Ատրպէյճանցի Պատգամաւորին «Դուք Լսա՞ծ էք Պաքուի, Սումկայիթի եւ Մարաղայի Մասին»

by MassisPost

Շուէտի  մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ կայացած Արեւելեան գործընկերութեան տասնամեակին նուիրուած ու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով հանդիպման Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Զոհրապ Մնացականեանը յայտարարած է, որ հայաստանցիներու 92 տոկոսը դրական կը գնահատէ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները:

«Արեւելեան գործընկերութեան նոր քաղաքական տեսլականը» համաժողովին Մնացականեանը խօսած է նաեւ Եւրոպայի մասը ըլլալու եւ ընդհանուր արժէքներու մասին, որոնք թոյլ տուած են անցեալ տարի Հայաստանի մէջ իրականացնել թաւշեայ յեղափոխութիւն․ – «Հայաստանի մասով լաւ աշխատանք կատարուած է: Այս ամրան եղած հարցման արդիւնքները ցոյց տուին, որ Հայաստանի հասարակութեան 92 տոկոսը դրական կը գնահատէ ԵՄ-ի հետ յարաբերութիւնները։ Այսինքն, լաւ աշխատանք տարուած է հաղորդակցութեան մասով։ Ես լիովին համաձայն եմ արտայայտուած տեսակէտներուն հետ: Սա այն է, ինչ ես ի նկատի ունիմ, երբ կը խօսիմ արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան ռազմավարական կարեւորութեան մասին, յատկապէս մենք՝ փոքր պետութիւններս, կախուած ենք անկէ: Սա արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան չափազանց կարեւոր հարթակ է, յատկապէս այն պետութիւններու միջեւ, որոնք կը կիսեն ընդհանուր արժէքներ»:

Զոհրապ Մնացականեանը յիշեցուցած է, թէ նախորդ երեսուն տարիներու ընթացքին որքան հիմնարար փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են աշխարհի ռազմավարական դասաւորուածութեան մէջ՝ թուարկելով Պերլինի պատի փլուզումը, ազատութեան յաղթանակը, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու գաղափարախօսութեան գերակայութիւնը:

«Այո, ես կը ներկայացնեմ երկիր, ուր մեծ իրադարձութիւն տեղի ունեցած է՝ անցեալ տարուայ թաւշեայ, ոչ բռնի յեղափոխութիւնը: Այն հնարաւոր եղաւ ընդհանուր արժէքներուն հաւատարիմ ըլլալու շնորհիւ: Այս 28 տարիներու ընթացքին՝ սկսած Հայաստանի անկախութենէն, մենք յայտարարած ենք այդ մասին: Եղած են բազմաթիւ սայթաքումներ, մենք անցած ենք բազում դժուարութիւններու, ողբերգութեան մէջէ, սակայն հնարաւոր եղաւ իրականացնել նմանօրինակ յեղափոխութիւն, որովհետեւ ձեւաւորուած էր համապատասխան հիմք, եւ եւրոպական մոտելը, եւրոպական ընդհանուր արժէքները կազմած էին անոր առանցքը: Աստիճանաբար ձեւաւորուած էր սերունդ մը, որ ունակ եղաւ դուրս գալու եւ իրականացնելու այդ յեղափոխութիւնը», – ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Շուէտի մէջ իր այցը շարունակող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ուքրանացի պաշտօնակից Վլատիմիր Փրիսփայքոյի հետ հիւրընկալուած է Շուէտի Միջազգային յարաբերութիւններու հիմնարկէն ներս:

Զոհրապ Մնացականեանի ելոյթէն ետք հարց ուղղած է նաեւ ատրպէյճանցի պատգամաւորը, թէ արդեօ՞ք Հայաստանը պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ միասին երթալ միջազգային դատարան՝ ուսումնասիրելու հայերու կողմէ իրականացուած պատերազմական յանցագործութիւնները, էթնիք զտումները, որոնց մասին առկայ են ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւեր, Եւրոպական խորհրդարանի, Եւրոպայի խորհուրդի բանաձեւեր:

Մնացականեանը հակադարձած է․ – «Դուք լսա՞ծ էք Պաքուի մասին: Լսա՞ծ էք Սումկայիթի, Մարաղայի մասին, լսա՞ծ էք Շահումեանի շրջանի գրաւման մասին: Լսա՞ծ էք Մարտակերտի շրջանի մէկ մասի գրաւման մասին: Լսա՞ծ էք Մարտունիի շրջանի մէկ մասի գրաւման մասին: Կ’ուզէք շարունակե՞մ: Ճիշդ ասոր մասին է խօսքը: Դուք պատրա՞ստ էք նուազեցնելու հռետորաբանութիւնը: Դուք պատրա՞ստ էք հասկնալու մեր մտահոգութիւնները: Դուք պատրա՞ստ էք ներգրաւուելու նման երկխօսութեան մէջ: Թէ՞ պէտք է ըլլայ ձեր ճշմարտութիւնը, այլապէս ճշմարտութիւն չկայ: Պէտք է ըլլայ միայն ձեր ուզած ձեւով լուծում, այլապէս այլ լուծում չկայ: Առաւելապաշտական ըլլալով՝ երբեւէ խաղաղութիւն չենք ունենար: Ճիշդ այս է իմ կողմէ մատնանշուած ժողովուրդները խաղաղութեան նախապատրաստելու դրոյթի առանցքը: Դուք կը խօսէիք մեզի վերաբերող խնդիրներու մասին: Ձեզի սուրբի տեղ մի դնէք»:

Սթոքհոլմի մէջ  Զոհրապ Մնացականեանը հանդիպած է նաեւ Շուէտի միջազգային համագործակցութեան զարգացման գործակալութեան (SIDA) գլխաւոր տնօրէն Քարին Ճամթինին, որուն հետ ստորագրած է երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման վերաբերեալ համաձայնագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment