Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան. ՀԱՊԿ-ը Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Գլխաւոր Գործօնն Է Մեր Տարածաշրջանին Մէջ

Փաշինեան. ՀԱՊԿ-ը Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Գլխաւոր Գործօնն Է Մեր Տարածաշրջանին Մէջ

by MassisPost

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի: Այս մասին Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ անդամ պետութիւններու խորհրդարաններու ղեկավարներու հետ հանդիպման ընթացքին ըսած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Մենք կարծում ենք, որ ՀԱՊԿ-ը կայունութեան եւ անվտանգութեան գլխաւոր գործօնն է մեր տարածաշրջանում, մենք մեծ կարեւորութիւն ենք տալիս ՀԱՊԿ-ի շրջանակներում մեր համագործակցութեան բոլոր երեք ուղղութիւններին: Առաջին հերթին դա արտաքին քաղաքական համակարգումն է, ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը եւ, իհարկէ, անվտանգութեան ոլորտում մեր ընդհանուր մօտեցումը ընդհանուր սպառնալիքներին: Իհարկէ, ցաւօք, սպառնալիքները նոյնպէս փոխւում են, եւ մենք պէտք է ադեկվատ արձագանքենք դրանց: Իհարկէ, մեր կազմակերպութիւնը պէտք է համապատասխանի տարածաշրջանային եւ համաշխարհային արդի իրողութիւններին: Եւ ես շատ ուրախ եմ, որ մենք բաւական կառուցողական համագործակցում ենք կազմակերութեան հետագայ զարգացման ուղղութեամբ»,- ըսած է Փաշինեան:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է, որ կազմակերպութեան անդամ երկիրները յաջողած են համաձայնութեան գալ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցին շուրջ, եւ նշած, որ հետագային նման խնդիրներէն խուսափելու համար հարկաւոր է որոշակի իրաւական փոփոխութիւններ մտցնել ՀԱՊԿ կարգաւորումներուն մէջ:

ՌԴ-ն Հայաստանին այնպիսի զէնքեր կը վաճառէ, որոնք երբեք այլ երկիրներու չի մատակարարեր
Ռուսաստանի Դաշնութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան այնպիսի զինատեսակներ կը վաճառէ, որոնք երբեք որեւէ այլ երկրի չէ վաճառած:

«Արմէնփրես»-ի փոխանցմամբ‘ այս մասին Նոյեմբեր 5-ին Երեւանի մէջ կայացած Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան Խորհրդարանական վեհաժողովի 12-րդ լիագումար նիստի ընթացքին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՌԴ Պետական Տումայի՝ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ), Եւրասիական ընդելուզման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու կոմիտէի ղեկավար Լէոնիտ Քալաշնիքովը, պատասխանելով Ռուսաստանի Դաշնութեան կողմէ ՀԱՊԿ անդամ Հայաստանի հակառակորդ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու մասին հարցին:

«Ռուսաստանը զէնք կը վաճառէ ոչ միայն Ատրպէյճանին, այն զէնք կը վաճառէ նաեւ իր դաշնակիցներուն եւ գործընկերներուն, այդ շարքին‘ Հայաստանին կը վաճառէ աւելի շատ, այնպիսի զինատեսակներ, որոնք երբեք չի վաճառեր այլ երկիրներու»,- ըսած է Քալաշնիքովը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment