Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Վարժարանի Ուսանողները Կը Բողոքեն Դպրոցի Փակման Որոշումին Դէմ

ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Վարժարանի Ուսանողները Կը Բողոքեն Դպրոցի Փակման Որոշումին Դէմ

by MassisPost

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 28-ի առաւօտեան ՀԲԸՄ-ի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան  երկրորդական վարժարանի ուսանողներն ու անոնց ծնողները հաւաքուած էին դպրոցի շրջափակէն ներս, բողոքելու համար կրթական հաստատութիւնը փակելու որոշումի դէմ:

Անցեալ շաբաթ, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Դպրոցի Հոգաբարձութեան եւ Մանուկեան Հիմնադրամին կողմէ ուսանողներուն, ծնողներուն եւ շրջանաւարտներուն յղուած նամակով մը կը հաղորդուէր որ, որոշուած է կրթական տարուայ աւարտին փակել Փասատինայի դպրոցը ու զայն միացնել Գանոկա Փարքի  Մանուկեան-Տեմիրճեան  վարժարանին: Սոյն որոշումին որպէս դրդապատճառ տրուած էր` աշակերտներու թիւի նուազումը եւ տարեկան 2 միլիոն տոլարի բացը:

Բողոքող աշակերտները պարզած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին` «Այս մեր վերջին զանգը չէ», «Մեզ չէք կրնար անտեսել», «Մենք արժանի ենք ունենալու 2021 աւարտական տարին», «Ես պէտք  է մտահոգուիմ ապագայ համալսարանով եւ ոչ թէ` երկրորդական վարժարանով» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ:

Նաեւ ելոյթ ունեցան շարք մը ուսանողները յայտնելով իրենց բողոքն ու մտահոգութիւնը  անակնկալ որոշումին դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment