Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Էրտողան․ Մենք Չենք Ճանչնար Այս Որոշումը

Էրտողան․ Մենք Չենք Ճանչնար Այս Որոշումը

by MassisPost

Պաշտօնական Անգարայէն կը շարունակեն արձագանգներ հնչել նախօրէին Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ:

«Այս որոշումը ոչ մէկ արժէք ունի: Մենք այն չենք ճանչնար», – յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան նիստի ժամանակ՝ արձագանգելով նախօրէին ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունման:

Էրտողանը ցաւով արձանագրած է, որ «իր երկրին ուղղուած զրպարտանքը» ընդունուած է ամերիկեան քոնկրէսի կողմէ: «Իրենք կը նուագեն, իրենք ալ կը պարեն: Մենք ըսած ենք՝ եկէք այս հարցը պատմաբաններուն ու հնագէտներուն թողնենք: Թող անոնք ուսումնասիրեն: Այս հարցին քաղաքական աստառ մի տաք: Մեր արխիւներուն մէջ մէկ միլիոնէն աւելի փաստաթուղթ կայ: Մինչեւ օրս հայերը ոչ մէկ արխիւ չեն կրցած ներկայացնել, քանի որ չկայ: Միայն դատարկ խօսքերով ոչինչի կը հասնի: Մեղաւոր ես ըսելով, մեզի չէք կրնար մեղադրել: Մենք չենք ճանչնար այս որոշումը», – ըսած է նախագահ Էրտողանը:

Միաժամանակ Անգարայի մէջ ԱՄՆ դեսպան Տեյվիտ Սաթըրֆիլտը կանչուած է ԱԳՆ բացատրութիւն տալու: Պաշտօնական Անգարայէն շարք մը պաշտօնեաներ քննադատական արձագանգներ հնչած են ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան ընդունած բանաձեւի վերաբերեալ:

Թուրքիոյ նախագահի խօսնակ Իպրահիմ Քալընը ամօթալի որակած է ամերիկեան քոնկրէսի որոշումը՝ նշելով, թէ «այս բանաձեւը, պատմութիւնը քաղաքականութեան գործիք դարձնելու եւս մէկ օրինակ է»:

«Թուրքիոյ ցեղասպանութիւն գործելու համար մեղադրողները նախ թող սեփական պատմութեանն ու իրենց աջակցած ահաբեկչական կառոյցներուն՝ ԱՍԱԼԱ-ի եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան արիւնոտ անցեալին նային», – իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած է Քալընը:

Ցեղասպանութեան մասին բարձրաձայնողներուն սեփական պատմութեան առերեսուելու կոչ ըրած է նաեւ Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլը: Ան «անօգուտ նախաձեռնութիւն» համարած է բանաձեւի ընդունումը՝ յայտարարելով, թէ այն իրենց համար առ ոչինչ է:

Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժնի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթունը եւս դատապարտած է ամերիկացի քոնկրէսականներու որոշումը: Ալթունը Թուիթըրի էջին գրած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը մտահոգիչ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը կարեւորեն ԱՄՆ – Թուրքիա յարաբերութիւնները:

Թրքական իշխանութիւններու քննադատութեան հակառակ՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը ողջունած է ԱՄՆ Քոնկրէսի որոշումը:

«Տասնեակ խորհրդարաններէ ետք ԱՄՆ Քոնկրէսը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մեր ցաւը դարձած է այլ խորհրդարաններու քննարկման առարկայ, քանի որ իմ երկիրը 105 տարի է կը հերքէ հայ ժողովուրդի Մեծ Եղեռնը: Միակ խորհրդարանը, որ կամոքէ հայ ժողովուրդի վէրքերը, Թուրքիոյ մեճլիսն է, որուն անդամը կը հանդիսանամ», – թուիթըրեան իր էջին գրած է Փայլանը:

Աւելի վաղ ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի ընդունումը դատապարտած էր Թուրքիոյ արտաքին գործնոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն:

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնն ալ յայտարարած էր, թէ կը մերժէ «ներքաղաքական նպատակներով ընդունուած՝ պատմական ու իրաւական հիմք չունեցող այս որոշումը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment