Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամերիկեան Գոնկրէսը Վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

Ամերիկեան Գոնկրէսը Վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը

by MassisPost

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29-ին, Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը վաւերացուց թիւ 296 բանաձեւը, որ կու գայ ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Բանաձեւին կողմ քուէարկեցին 405, դէմ 11 եւ ձեռնպահ 3 գոնկրէսականներ:

2000 թուականէն սկսեալ չորրորդ անգամ ըլլալով Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւ կը ներկայացուէր Ներկայացուցիչներու Տունէն ներս, սակայն առաջին անգամ ըլլալով քուէարկութեան կը դրուէր ընդհանուր նիստին առջեւ: Գոնկրէսական Ատամ Շիֆ, որ Բանաձեւի հեղինակն էր, յայտարարեց, որ այս պահը արդէն իսկ ուշացած էր:

«Մենք չենք կրնար ընտրութիւն կատարել, թէ մարդկութեան դէմ որ ոճիրի մասին կարելի է խօսիլ», շեշտեց Ատամ Շիֆ:

Ընդունուած բանաձեւը կը պահանջէ որ, Միացեալ Նահանգները պաշտօնապէս ճանչնայ եւ յիշատակէ Հայկական ցեղասպանութիւնը եւ կը մերժէ Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը՝ Ցեղասպանութեան որեւէ ժխտումին:

«Այս պատմական օրը, մենք կ՛ողջունենք քաջարի եւ աննահանջ կեցուածքը Ներկայացուցիչներու Տան ղեկավարութեան, որոնք դիմադրեցին թրքական լոպպիին եւ ճանչցան պատմութեան ողբերգականական էջը», այս առթիւ յայտարարեց Հայ Ամերիկան Խորհուրդի ատենապետ Սեւակ Խաչատուրեան: «Այս բանաձեւը ոչ միայն պաշտօնապէս կը ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը , այլ եւ կ՛ամրացնէ Միացեալ Նահանգներու վաստակը որպէս երկիր, որ բարձր կը դասէ մարդկային իրաւունքները», աւելցուց ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment