Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-րդ Տարեկան Համաժողովը Ուաթըրթաունի Մէջ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 100-րդ Տարեկան Համաժողովը Ուաթըրթաունի Մէջ

by MassisPost

ԼՈՒԻԶԱ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 100րդ տարեկան Համաժողովը տեղի ունեցաւ Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցիին մէջ՝ Մէսէչուսէց, Շաբաթ Հոկտեմբեր 19-ին։ Համաժողովին մասնակցեցան աւելի քան 60 անձիք՝ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի անդամներ, հովիւներ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցիչներ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէ, միութիւններէ եւ կազմակերպութիւններէ, որոնք ներկայացուցին իրենց տարեկան տեղեկագիրները։ Համաժողովի բացման աղօթքը մատուց Վարչական Խորհուրդի անդամ՝ Վեր. Արա Կէօքկէօզեան իսկ փակման աղօթքը մատուց Աւստրալիայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Գրիգոր Եումշաճըքեան։

Տարեկան Համաժողովի աւարտին կարդացուեցան անունները ԱՀԱԸ-ի Վարչութեան նորընտիր անդամներուն, որոնք ընտրուած էին երեք տարուան ծառայութեան համար.- ԼինտաՔէյ Ապտուլեան, Տօքթ Հրայր Ս. Ահարոնեան, Տօքթ. Ռաֆի Պալապանեան, Ֆիլիս Տոհանեան, Դոկտ. Նուրհան Հէլվասեան, Վեր. Դոկտ. Հայկ Խրլոբեան, Սեդա Լոշխաճեան Նալպանտեան եւ Տօքթ. Մայքըլ Վոսքեան։

ԱՀԱԸ-ի տարեկան Համաժողովին առընթեր, Հոկտ. 17-18 օրերուն տեղի ունեցան նաեւ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի Ժողովը, Աշխատանքային Ծրագրումի Նիստը եւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի ժողովը։

Կիրակի, Հոկտեմբեր 20-ին տեղի ունեցաւ ԱՀԱԸ-ի տարեկան Համաժողովի Պաշտամունքը Ուաթըրթաունի Հայ Աւետարանական Նահատակաց Եկեղեցիին մէջ։ Օրուան պատգամաբերներն էին Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան՝ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) Նախագահ, եւ Վեր. Ճէրէմի Թովմասեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութեան Ատենապետ։ Պաշտամունքի Ընթացքին յատուկ աղօթք մատուց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Նախագահ՝ Վեր. Յարութիւն Սէլիմեան, յիշելով այն բոլոր ԱՀԱԸ-ի անդամները որոնք անցնող տարեշրջանին այս կեանքէն անցան յաւիտենականութեան։ Իսկ ԱՀԱԸ-ի Վարչական Խորհուրդի անդամներուն պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը կատարեց Վեր. Դոկտ. Ռան Թովմասեան՝ Հովիւը Լոս Անճելոսի Հայ Աւետարանական Միացեալ Եկեղեցիին։

2-100th-Annual-Meeting-of-AMAA

ԱՀԱԸ-ի 100-րդ տարեկան Համաժողովի շաբաթավերջի աւարտին, Կիրակի, Հոկտեմբերի 20-ի կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ յատուկ հաւաք եւ Ոգեկոչման Պաշտամունք Վուսթըրի Հայ Աւետարանական Մարտիրոսաց Եկեղեցիին մէջ (Մէսէչուսէց)՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնադրուած առաջին Հայ Աւետարանական Եկեղեցին՝ 1 Յունուար 1892-ին  եւ ԱՀԱԸ-ի ծննդավայրը՝ 1918-ին։

Պաշտամունքը առաջնորդեց Եկեղեցիի Հովիւ՝ Վեր. Սթիվըն Քարլայլ։ Վեր. Քարլայլ ողջունեց ներկաները եւ կոչ ուղղեց վերանուիրուելու Յիսուս Քրիստոսի՝ որպէս հաւատքի մարդիկ աշխարհի մէջ ամէնուրէք եւ միասնականութեամբ ծառայելու Տէրոջ։ Անցեալի, ներկայի եւ ապագայի Յոյսի արտացոլացման պատգամներ փոխանցեցին ԱՀԱԸ-ը Գործադիր Տնօրէն՝ Զաւէն Խանճեան, ՄԱՀԱԵՄ Նախագահ՝ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Վուսթըրի Եկեղեցիի անդամ՝ Թալին Աւագեան Պէօրէքճեան։ Պաշտամունքի ընթացքին փառաբանութեան երգեր երգուեցան եւ յատուկ աղօթքներ բարձրացան առ Աստուած գովաբանելով զԱյն ԱՀԱԸ-ի անցնող 100 տարիներու հաւատարիմ ծառայութեան համար եւ խնդրելով Անոր առաջնորդութիւնը ապագայի համար։

Յատուկ շնորհակալութիւն Ուաթըրթաունի Եկեղեցիի հովիւ՝ Վեր. Դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեանի եւ Եկեղեցիի անդամներուն՝ ԱՀԱԸ-ի 100-րդ տարեկան Համաժողովի օրերուն իրենց ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան եւ պատրաստած համեղ ճաշերուն համար: Թող Աստուած շարունակէ օրհնել այս Եկեղեցին Իր փառքին համար։

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, ԱՀԱԸ-ը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ ԱՀԱԸ-ը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ԱՀԱԸ-ի  կայքէջը www.amaa.org,

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment