Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Պաշտօնական Կեղծիք Հրապարակելու Կասկածով Ձերբակալուած է Արսէն Պապայեանը

Պաշտօնական Կեղծիք Հրապարակելու Կասկածով Ձերբակալուած է Արսէն Պապայեանը

by MassisPost

ՀՀ Յատուկ Քննչական ծառայութեան մօտ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 300-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութեան ընթացքին փաստական տուեալներ ձեռք բերուած են այն մասին, որ պաշտօնատար անձինք ՀՀ սահմանադրական դատարանի նախկին նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի կողմէ լիազօրութիւնները վար դնելու գործընթացին, խմբային շահերէ ելլելով, անձամբ, ինչպէս նաեւ պաշտօնատար անձ չհանդիսացող աշխատակիցներու միջոցով կատարած են պաշտօնէական կեղծիքներ:

Նկատի ունենալով, որ բացայայտուած է առերեւոյթ կատարուած նոր յանցագործութեան դէպք, ՀՀ յատուկ քննչական ծառայութեան մօտ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 314-րդ յօդուածի 1-ին մասով յարուցուած է նոր քրէական գործ, որ միացուած է իշխանութիւնը իւրացնելու դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործին:

ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 314-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցաւոր արարք կատարելու կասկածանքով ձերբակալուած է ՀՀ ԱԺ աշխատակազմի ղեկավարի նախկին տեղակալ Արսէն Պապայեանը:

Պապայեանը Ազգային ժողովի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ նշանակուած էր 2018-ի մարտի սկիզբը, իսկ անկէ առաջ՝ 2014 թուականէն կը զբաղեցնէր խորհրդարանի հասարակայնութեան եւ տեղեկատւութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետի պաշտօնը։

Գագիկ Յարութիւնեանը, ըստ օրէնքի, կրնար պաշտօնավարել մինչեւ 2018-ի Մարտ 23-ը։ Այդ օրը կը լրանար անոր 70-ամեակը։ Սակայն Յարութիւնեանը Ազգային Ժողովին հրաժարականի դիմում ներկայացուցած էր 70-ամեակը լրանալէ 22 օր առաջ՝ Մարտ 1-ին։

Մօտ երկու շաբաթ առաջ իրաւապահներուն ուղղած իր դիմումին մէջ նաեւ այս մասին յիշատակած էր պատգամաւոր Արման Պապաճանեանը։ Անդրադառնալով մինչեւ իշխանափոխութիւնը տեղի ունեցածին՝ պատգամաւորը շեշտած է, որ Գագիկ Յարութիւնեանի այդ հրաժարականէն ետք Հանրապետական խմբակցութեան պատգամաւոր Հրայր Թովմասեանը առանց մանտաթէն հրաժարելու Մարտ 21-ին ընտրուած էր Սահմանադրական դատարանի նոր նախագահ։

Պապաճանեանը պնդած էր, որ Հրայր Թովմասեանը իւրացուցած է Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնը՝ յանցաւոր սխեմաներ կիրառելով, եւ անոր մաս դարձած են Ազգային ժողովի այժմ նախկին նախագահ Արա Բաբլոյեանն ու Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի ղեկավարը։

Ըստ պատգամաւորի, Հանրապետականի հետ համագործակցութեամբ ամէն ինչ գործադրուած է, որպէսզի Թովմասեանը Սահմանադրական դատարանի նախագահի պաշտօնը ստանձնէ 2018 թուականի Ապրիլ 9-էն առաջ՝ մինչեւ 2015-ին փոփոխուած Սահմանադրութիւնը ամբողջութեամբ ուժի մէջ մտնելը, որպէսզի պաշտօնավարէ հին Սահմանադրութեամբ սահմանուած ժամկէտը՝ այսինքն՝ մինչեւ 65 տարեկան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment