Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կալանաւորուած Է Փոխադրութեան Եւ Կապի Նախկին Նախարար Գուրգէն Սարգսեանը

Կալանաւորուած Է Փոխադրութեան Եւ Կապի Նախկին Նախարար Գուրգէն Սարգսեանը

by MassisPost

Հայաստանի Քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու (ՅԿԳ) քննութեան գլխաւոր վարչութենէն՝ «Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրի մշակման եւ իրագործման գործընթացին թոյլ տրուած առերեւոյթ չարաշահումներու դէպքերու առթիւ քննուող քրէական գործի շրջածիրէն ներս կալանաւորուած է փոխադրութեան եւ կապի նախկին նախարար, «Սթոնս» ընկերութեան աշխատանքները համակարգող Գուրգէն Սարգսեանը:

Քննչական կոմիտէն իր ֆէյսպուքեան էջին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը յիշեցնէ, որ «Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցք» ծրագրի «М1 Թալինէն Գիւմրի ճանապարհի վերակառուցում եւ բարելաւում» ծրագրի շրջածիրէն ներս Թալին-Լանջիկ եւ Լանջիկ-Գիւմրի հատուածների շինարարական աշխատանքներու մէջ որպէս ենթակապալառու ներգրաւուած «ՍԹՈՆՍ» ընկերութեան աշխատանքները համակարգող Գուրգէն Սարգսեանին մեղադրանք առաջադրուած էր Քրէական օրէնսգիրքի 38-189-րդ յօդուածի 3-րդ մասով («յանցակցութիւն կեղծ ձեռնարկատիրութեանը, որու հետեւանքով առանձնապէս խոշոր վնաս  պատճառուած է») եւ 38-205-րդ յօդուածի 2-րդ մասով («յանցակցութիւն հարկը, տուրքը կամ պարտադիր այլ վճարը չվճարելուն, որ կատարուած է առանձնապէս խոշոր չափերով»): Քննիչը միջնորդութիւն ներկայացուցած էր դատարան՝ անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին: Միջնորդութիւնը մերժուած էր, եւ Գուրգէն Սարգսեանը ազատ արձակուած էր գրաւի դիմաց:

Այժմ, Վերաքննիչ քրէական դատարանի կողմէ որոշում կայացուած է դատախազութեան բողոքը բաւարարելու եւ Գուրգէն Սարգսեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց կալանաւորումն ընտրելու մասին։

Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ տուեալ քրէական գործով մէկուկէս տասնեակ անձինք ունին մեղադրեալի կարգավիճակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment