Աշխարհահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրի որդին` Նիքոլա Ազնաւուրը, ընտանիքով տեղափոխուած է Հայաստան: Նիքոլան եւ կինը` Քրիստինա Սարգիսեանը, Գիւմրիի մէջ այս մասին յայտնած են լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ:
«Գիւմրին մեր ընտանիքի համար կարեւոր նշանակութիւն ունի: Ուրախութեամբ կու գանք Գիւմրի, եւ այս այցը առաջին անգամ չէ»,- նշած է Նիքոլա Ազնաւուրը: