Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլանը` Թուրք Նախարարին. «Ի՞Նչ Իրաւական Հիմքով Կ’արգիլէք Տինքի Հիմնադրամի Կազմակերպած Գիտաժողովը»

Փայլանը` Թուրք Նախարարին. «Ի՞Նչ Իրաւական Հիմքով Կ’արգիլէք Տինքի Հիմնադրամի Կազմակերպած Գիտաժողովը»

by MassisPost

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (ԺԴԿ-HDP) Տիարպէքիրէն ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը խորհրդարան տեղափոխած է Հրանդ Տինք հիմնադրամի կազմակերպած գիտաժողովը արգիլելու հարցը:

Փայլանը թեմայի շուրջ գրաւոր հարցապնդում ուղղած է Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուին` պահանջելով պարզաբանել, թէ ինչու արգիլուեր է Կեսարիոյ մէջ եւ ապա Պոլսոյ մէջ կազմակերպուած «Կեսարիոյ եւ շրջակայքի ընկերային-մշակութային եւ տնտեսական պատմութիւնը» թեմայով գիտաժողովը:

Հայ պատգամաւորը հետեւեալ հարցերը ուղղած է Սուլէյման Սոյլուին.

1.Հիմնադրամները եւ քաղաքական կուսակցութիւնները, երբ «հաւաքներու եւ ցոյցերու մասին» թիւ 2911 օրէնքին մէջ չեն ներառուիր, ապա ո՞ր իրաւական հիմքով  արգիլուած է Հրանդ Տինք հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովը:

2.Այս միջազգային գիտաժողովը, որ պիտի կայանար Թուրքիայէն եւ արտասահմանէն մասնագէտներու մասնակցութեամբ, ի՞նչ փաստարկի հիման վրայ արգիլուած է նախ Կեսարիոյ, ապա Պոլսոյ մէջ:

3.Ինչպէ՞ս կրնաք բացատրել այդ մասնակիցներուն, որ այդ միջազգային գիտաժողովը, որու կայացման ժամեր մնացած էին, առանց որեւէ փաստարկ ներկայացուելու արգիլուած է:

4.Ինչու՞ ձեր կառավարութիւնը աջակցելու փոխարէն կը փորձէ արգիլել Հրանդ Տինք հիմնադրամի գործունէութիւնը, որով կը զարգանայ երկխօսութեան, խաղաղութեան եւ ապրումակցումի մշակոյթը:

5.Այս արգելման որոշումները կայացուցած էք, որպէսզի չխօսի՞ն Կեսարիոյ եւ ամբողջ շրջակայքին մէջ մինչեւ 100 տարի առաջ գոյութիւն ունեցող բազմամշակութայնութեան, տարածաշրջանին մէջ ապրող հայերու եւ անոնց ճակատագիրներու մասին:

Յիշեցնենք, որ երբ արդէն գիտաժողովի նախապատրաստական աշխատանքները աւարտած էին եւ բոլոր բանախօսները թէ՛ Թուրքիայէն, եւ թէ՛ աշխարհի տարբեր կողմերէն Պոլիս եկած էին, Հոկտեմբեր 17-ին, ժամը 17:08-ին Շիշլիի համայնքապետարանէն գիտաժողովը արգիլելու վերաբերեալ ծանուցում ուղարկուած է հիմնադրամ: Ծանուցման մէջ որեւէ փաստարկ չէ նշուած, թէ ինչու գիտաժողովը կ’արգիլուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment