Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ ՀԲԸՄ Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան Մշակոյթի Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւն

ՀԲԸՄ Վաչէ Եւ Թամար Մանուկեան Երկրորդական Վարժարան Մշակոյթի Օրուան Շքեղ Տօնակատարութիւն

by MassisPost

4 Հոկտեմբեր, 2019, Ուրբաթ օր, Փասատինայի ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը մեծ ցնծութեամբ տօնեց հայկական մշակոյթի օրը: Այս տարուան յայտագիրը նուիրուած էր հայ մշակոյթի երկու սիւներու՝ Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին:

Սփիւռքահայ ամէն կրթական օճախի սրբազնագոյն առաքելութիւններէն է Հայկական մշակոյթի օրը տօնել: Նոյնպէս՝ ՀԲԸՄ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան երկրորդական վարժարանը աւանդութիւն դարձուցած ենք այդ օրը վերածել դպրոցական մեծագոյն միջոցառումի:

Որպէսզի յայտագիրը ճոխ եւ բովանդակալից ըլլայ՝ հայկական բաժանմունքը ներառեց պարի, երգի եւ նկարչութեան դասարաններու մասնակցութիւնը: Հետեւաբար, տեղի ունեցաւ բազմապատկեր եւ բազմաձայն հանդէս մը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց հայկական բաժանմունքի ղեկավար Օրդ. Լորա Գույումճեանը: Ան աշակերտներուն տուաւ այն պատգամը, թէ հայոց հինգերորդ իշխանութիւնն է հայկական մշակոյթը, որ դարերով պահած ու պահպանած է մեզ: Ան բոլորին յորդորեց հայկական տոհմիկ արժէքներուն հաւատարիմ մնալ:

Ապա երգչախումբը, պրն. Պարթեւ Կիւլիւմեանի խմբավարութեամբ սկսաւ կատարել Կոմիտասի երգերը, ինչպէս նաեւ երգեր՝ Թումանեանի խօսքերով յօրինուած:

Աշակերտերը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հանդիսատեսներ ծանօթացան նաեւ երկու հայ տիտաններու կեանքի պատմութիւններուն: Նախ ցուցադրուեցաւ սահիկներու ներկայացում մը, որ նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի կեանքին եւ գործին: Զայն պատրաստած էր 12րդ դասարանի աշակերտուհի Ցոլեր Պիլանճեանը: Իսկ նոյն դասարանէն Արէգ Աղամանուկեանը Ամենայն Հայոց Բանաստեղծի կեանքի 54 տարիները ներկայացուց՝ Յ. Թումանեանի թանգարանի 54 աստիճանները պաստառի վրայ մատնանշելով: 11րդ դասարնի աշակերտներ Քրիս Իմաստունեանը եւ Հայքօ Ապաճեանը արտասանեցին Թումանեանէ երկու քառեակ եւ երգչախումբը, Լուսին Պէսնէլեանի եւ Դաւիթ Աբիկնեանի մենակատարումներով ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի երգեր:

agbu-vtm-2

Հանդէսի ամենէն պատկերաւոր մասերէն մէկն էր այն պահը, երբ 11րդ դասարանի աշակերտներ Քրիստափոր Սագայեանը եւ Ալեքս Ածիլածեանը, ծպտուած որպէս Կոմիտաս վարդապետ եւ Յովհաննէս Թումանեան, հանդիսաւոր կերպով սրահ մտան: Անոնք զրուցեցին հայկական մշակոյթը յուզող նիւթերու մասին: Ապա երկու մեծերը աշակերտներուն տուին իրենց պատգամը: Կոմիտասը խրատեց, որ աշակերտները անաղարտ պահեն հայկական երաժշտութիւնը, իսկ Թումանեանը յիշեցուց բոլորին, թէ մարդը իր գործով է անմահ: Բեմի վրայ ապա երեւաց «Անուշ»էն պատկեր մը, զոր կատարեցին գեղջուկ տարազներ հագած Ցոլեր Պիլանճեանը, Սեռա Այնթապլեանը եւ Շան Արմուտիքեանը:

Օրուան անակնկալն էր հիւր երգիչի մը ներկայութիւնը: Բուռն ծափահարութիւններով բեմ եկաւ եւ սրահը խանդավառեց ազգագրական երգերու կատարող Յովհաննէս Շահպազեանը:

Յայտագրի վերջին հատուածը տեղի ունեցաւ բակի մէջ: Պարախումբը, պարուսոյց տիկ. Թագուհի Պէզաթեանի ղեկավարութեամբ ներկայացուց հայրենասիրական երկու պարեր: Բոլորի ծափահարութեան եւ հիացումին արժանացաւ այն պահը, երբ պարողներու ուսերուն վրայ ծածանեցաւ հայկական եռագոյնը:

Ինչպէս ամէն հայկական ձեռնարկ, այս մէկն ալ չէր կրնար աւարտիլ առանց հայկական խոհանոցի: Ուստի, բակի մէջ լաւաշը թխուեցաւ ու բոլորը այդ բուրումնաւէտ հացը վայելեցին:

Օրուան առիթով նկարչութեան ուսուցիչ պրն. Վահան Երուանդեանը ստեղծագործեց Կոմիտասի եւ Թումանեանի երկու դիմանկար: Անո’նք էին հանդիսասրահի կեդրոնական զարդը:

Այս տօնակատարութիւնը հայկական մշակոյթի եւ տոհմիկ արժէքներու վայելումն էր: Վարժարանի հայկական բաժանմունքը կասկած չունէր, թէ սփիւռքահայ պատանիները, տեսնելով ազնիւը եւ բարին ու լսելով մեծերու իմաստութիւնը, աւելի փարած պիտի մնան հայկական մշակոյթին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment