Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Վենետիկի Յանձնաժողովը Դրական Կը Գնահատէ Հայաստանի Մէջ Առաջարկուող Դատական Բարեփոխումները

Վենետիկի Յանձնաժողովը Դրական Կը Գնահատէ Հայաստանի Մէջ Առաջարկուող Դատական Բարեփոխումները

by MassisPost

Հայաստանի մէջ դատական բարեփոխումներու փաթեթին մէջ ընդգրկուած առաջարկներու գերակշիռ մեծամասնութիւնը կը համապատասխանեն եւրոպական չափանիշներուն եւ կը նպաստեն քորուփցիայի դէմ պայքարին՝ առանց սպառնալու դատական իշխանութեան անկախութեան, եզրակացուցած են Եւրոխորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի փորձագէտները այս շաբաթ հրապարակած կարծիքին մէջ: Այդուհանդերձ, անոնք ընդգծած են, որ Սահմանադրական դատարանի որոշ դատաւորներու վաղաժամ պաշտօնաթողութեան առաջարկը օրինագիծին մէջ առարկելի չըլլար միայն այն պարագային, եթէ այդ պաշտօնաթողութիւնը ըլլայ խիստ կամաւոր սկզբունքով եւ չխոչընդոտէ Սահմանադրական դատարանի արդիւնաւէտ գործունէութեան, ըսուած է Եւրոխորհուրդի մամուլի քարտուղարի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Վենետիկի յանձնաժողովը նշած է, որ հանրային «ուժեղ պահանջի» լոյսի ներքոյ դատական բարեփոխումները մշակելու ժամանակ Հայաստանի կառավարութիւնը գործած է պատասխանատու եւ խորամիտ, բաց եղած է երկխօսութեան համար՝ ինչպէս հայաստանեան հանրութեան, այնպէս ալ միջազգային գործընկերներու հետ: Երկխօսութեան արդիւնքով ամենաարմատական առաջարկներու մեծ մասէն կառավարութիւնը հրաժարած է, ըսուած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի դիմումի հիման վրայ Վենետիկի յանձնաժողովի փորձագէտներու ներկայացուցած կարծիքին մէջ:

Ողջունելով կառավարութեան այդ մօտեցումը եւ կոչ ընելով յետագային եւս առաջնորդուելու երկխօսութեան ու ներառականութեան նոյն սկզբունքով, Վենետիկի յանձնաժողովը առաջարկուող բարեփոխումներուն մէջ առանձնացուցած է Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու վաղաժամ պաշտօնաթողութեան մեխանիզմը՝ ընդգծելով, որ կարեւոր է պահպանել դատական համակարգի կայունութիւնը, «եւ անընդունելի է, որ Սահմանադրական դատարանի կազմը փոխուի ամէն անգամ, երբ նոր կառավարութիւն կու գայ իշխանութեան»: «Այդուհանդերձ, այնքանով, որքանով պաշտօնաթողութիւնը կը մնայ իրապէս կամաւոր եւ չի խոչընդոտեր Դատարանի արդիւնաւէտ գործունէութեան, առաջարկուող ձեւը միջազգային չափանիշներու տեսակէտէն առարկելի չէ», – հաղորդագրութեան համաձայն՝ եզրակացուցած են Վենետիկի յանձնաժողովի փորձագէտները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment