Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Աւրորա» Մարդասիրական Մրցանակին Առաջադրուած Են Երեք Յաւակնորդներ

«Աւրորա» Մարդասիրական Մրցանակին Առաջադրուած Են Երեք Յաւակնորդներ

by MassisPost

«Աւրորա» մարդասիրական մրցանակին առաջադրուած են իրաքցի Միրզա Տինային, եմէնցի Հուտա ալ-Սարարին եւ նիճերացի Զանա Պուքար Մուսթաֆան:

Վտանգելով սեփական կեանքը՝ Միրզա Տինային «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գերութենէն ազատած է կանանց եւ երեխաներու, Հուտա ալ-Սարարին նոյնիսկ 18-ամեայ որդիին սպանութենէն ետք չէ դադրած Եմէնի գաղտնի բանտային ցանցի բացայայտման գործընթացը, դժբախտ մանկութիւնը յաղթահարած Զանա Պուքար Մուսթաֆան Նիճերիոյ մէջ կը պայքարի երեխաներու կրթութեան իրաւունքի համար:

Այս մարդիկ «Աւրորա» համաշխարհային մարդասիրական մրցանակի այս տարուան յաւակնորդներն են: Սեփական կեանքի գինով անոնք աւելի լաւը կը դարձնեն այլ մարդոց կեանքը:

«Աւրորա» ֆորումի շրջածիրէն ներս երեքն ալ իրենց անցած ուղին ներկայացուցած են ներկաներուն:

Միրզա Տինայիի «Օդային կամուրջ Իրաք» մարդասիրական կազմակերպութիւնը Իրաքէն Գերմանիա կը տեղափոխէ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման յարձակումներէն տուժած եզտիները եւ կը ցուցաբերէ բժշկական օգնութիւն:

Եմէնցի փաստաբան Հուտա ալ-Սարարին բացայայտած է իր երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող գաղտնի բանտային ցանցը, ուր անազատութեան մէջ կը պահեն հազարաւոր տղամարդոց եւ տղաներու: Ան ըսած է, որ անհերքելի ապացոյցներ ունի եւ անոնք փոխանցած է Amnesty International, Human Rights Watch կազմակերպութիւններուն, որպէսզի միջազգային այս կառոյցները զբաղուին խնդրով:

Ան ըսած է, որ մրցանակը ստանալու պարագային իրաւաբաններու խումբ պիտի ստեղծէ, որպէսզի օգնեն խոշտանգուածներուն, սոցիալական եւ հոգեբանական աջակցութիւն ցուցաբերեն առեւանգուած եւ անհետ կորած տղամարդոց կանանց:

«Պոկօ հարամը» աշխարհի մէջ ամենամահացու ահաբեկչական խմբաւորումն է՝ ըստ 2015 թուականի Ահաբեկչութեան ցուցանիշին: Այդ վտանգաւոր միջավայրին մէջ 60-ամեայ Զանա Պուքար Մուսթաֆան ապահով տարածք կը ստեղծէ բռնութեան ենթարկուած երեխաներու համար եւ կու տայ անոնց արժանի ապագայ ունենալու հնարաւորութիւն: Տարիներ շարունակ Մուսթաֆան միջնորդ եղած է կառավարութեան եւ ահաբեկիչներու միջեւ: Անոր շնորհիւ աւելի քան 100 աղջիկներ ազատ արձակուած են ահաբեկիչներու գերութենէն:

Շաբաթավերջին յայտնի պիտի դառնայ, թէ այս տարի անոնցմէ որուն պիտի հասնի 1 միլիո տոլարի մրցանակը մարդասիրութեան շղթան շարունակելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment