Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ազատութեան Պողոտային Վրայ Ոստիկան Սպանուած Է. Ձերբակալուած Են Երկու Եղբայրներ

Ազատութեան Պողոտային Վրայ Ոստիկան Սպանուած Է. Ձերբակալուած Են Երկու Եղբայրներ

by MassisPost

tigran arakelyanՉորեքշաբթի Գիշեր ժամը 4:30-ի սահմաններուն, ոստիկանութեան պետական պահպանութեան գլխաւոր վարչութեան Արաբկիրի պահպանութեան բաժնի գիշերային ծառայութիւն իրականացնող ոստիկանները «Յաղթանակ» զբօսայգիի մուտքի մօտ նկատած են երկու անձի։ Վերջիններս, տեսնելով պարեկային մեքենան, փախած են։

Ոստիկանութեան ծառայողները հետապնդած են անոնց եւ Ազատութեան պողոտայի վրայ բռնած։ Բռնուած անձինք դիմադրած են։ Այդ ընթացքին անոնցմէ մէկը խլած է ոստիկաններէն մէկու հաշուեցուցակային ատրճանակն ու կրակած անոնցմէ մէկուն վրայ, ինչպէս նաեւ ատրճանակի բռնակով հարուածած միւս ոստիկանին։ Վերջիններս դէպքի վայրէն դիմած են փախուստի։ Ստացած հրազէնային վնասուածքի հետեւանքով՝ Արաբկիրի պահպանութեան բաժնի ոստիկան, 38-ամեայ Տիգրան Առաքելեանը մահացած է։ Դէպքի առթիւ քրէական գործ յարուցուածէ:

Ձեռնարկուած միջոցառումներու շնորհիւ յարձակում կատարած անձանց ինքնութիւնը պարզուած է: Ոստիկանութեան լրատուական վարչութեան պետ Աշոտ Ահարոնեանը իր ֆէյսպուքեան էջին գրած է․ – «Ոստիկանութեան մի շարք ստորաբաժանումների ծաւալուն եւ տարաբնոյթ հետախուզական միջոցառումների արդիւնքում յայտնաբերուել ու ոստիկանութիւն բերման են ենթարկուել երկու անձ՝ Ազատութեան պողոտայում ոստիկանութեան ծառայողին հրազէնի գործադրմամբ սպանելու կասկածանքով»։

Աւելի ուշ Քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած է, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսուած է, որ կասկածեալները եղբայրներ են՝ ծնած 2003 եւ 2001 թուականներուն, անոնք ձերբակալուած են:

«Նախաքննութեան ընթացքում պարզուել է, որ եղբայրները դէպքից ժամեր առաջ գողութիւն են կատարել Արաբկիր վարչական շրջանի գեղեցկութեան սրահներից մէկից, որից յետոյ նկատուել են ոստիկանների կողմից եւ դիմել փախուստի», -ըսուած է Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ: – «Երիտասարդների կողմից առերեւոյթ գողութեան դէպքի առթիւ յարուցուել է քրէական գործ, որով նախաքննութիւնն իրականացւում է Արաբկիր վարչական շրջանների քննչական բաժնում: Գողութեան դէպքի առթիւ յարուցուած քրէական գործով կատարուել է դէպքի վայրի զննութիւն, հարցաքննուած է գեղեցկութեան սրահի սեփականատէրը: Նախաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ եղբայրները գողօնը թաքցուցած են կամուրջներէն մէկուն տակ»:

«Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» բժշկական կենդրոնի բժիշկի փոխանցած է, որ Տիգրան Առաքելեանը վիրաւորի հետ բերուած է հիւանդանոց, բայց՝ արդէն մահացած, ըստ նախնական տուեալներու՝ փամփուշտը սիրտին դպածէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment